ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պետական եկամուտներու կոմիտէն կը պատրաստուի հայ-թրքական սահմանի հաւանական բացումին, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3ին յայտնեց Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահի տեղակալ Արմէն Ալավերդեան: Ըստ անոր, Թուրքիան Հայաստանի համար տնտեսական այնպիսի գործընկեր մը կրնայ ըլլալ, ինչպէս օրինակ՝ Վրաստանն է, եւ այդ երկրի համար եւս պէտք է որդեգրուի օրէնքով սահմանուած հարկերու համակարգման դրութիւն, ինչպէս այլ երկրներու հանդէպ: Հայաստանը Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան անդամ է, ինչ որ զայն կը դնէ բոլոր երկիրներուն հանդէպ հարկերու նոյնատիպ դրութիւն կիրարկելու պարտաւորութեան տակ:
Ան աւելցուց, թէ պէտք է միջոցներ ձեռնարկուին սահմանի բացման պարագային մաքսային ընթացակարգերը պատշաճ կերպով իրականացնելու համար: Մաքսակէտեր պիտի ըլլան Ախուրիկի եւ Մարգարայի մէջ:
Ալավերդեան յայտնեց, թէ չի կիսեր այն մտահոգութիւնները, թէ սահմանի բացման պարագային հայկական շուկան պիտի ողողուի թրքական ապրանքներով: Ըստ անոր, շուկայի տարողութիւնը սահմանուած է ապրանքներու սպառումի քանակով, իսկ մեծաքանակ ապրանքի ներածման պարագային, գիներու անկում պիտի արձանագրուի: Ի վերջոյ, այսպէս թէ այնպէս Հայաստան կը ներածուի թրքական ապրանք, սակայն այլ երկիրներու տարածքով, իսկ սահմանի բացման պարագային, ըստ Ալավերդեանի, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ վերահսկել այդ երկրի հետ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
ANKAM YEVS TURKIN [TSER BASHDATS KARE] BADRASTSATS MIDKEROON
YENTAGA YEGHAK IPREV SAHMAN PANALOV DNDESOUTYOUNE PARELAVE
BIDI, POKHANAG TURKEN GARTZIK ARNELOO SPOURKI HAYOOTYOONE
BADRASD EI TZEZI OKNELOU LAVAKOUN MIDKERE POKHANTZEN TZEZ
APSOS HAZAR APSOS VOR EMPERNOOM CHOONIK PATZIE TURKIN KHOSKIN
LSELOO 100%OV AMMOT AMMOT TZEZ POLORIT