Ականաւոր օրէնսգէտ Պրն. Ճեֆրի Ռոպըրթսըն այս շաբաթ բացայայտեց Հայկական Ցեղասպանութեան մասին Բրիտանիոյ Արտաքին եւ հասարակապետութեան գրասենեակին կատարած սխալ եւ անճիշդ հաստատումները։ Միջազգային իրաւագէտը, յայտնաբերեց, թէ երկար տարիներ Բրիտանիոյ Արտաքին եւ Հասարակապետութեան գրասենեակը (արտաքին գործոց նախարարութիւնը) սխալ ուղղութեամբ առաջնորդած է Խորհրդարանը Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերող իրականութիւններուն մէջ, որպէսզի շնորհք գտնէ թրքական կառավարութեան մօտ։
Լոնտոնի Հայկական կեդրոնին կողմէ յանձնարարուած քառասուն էջնոց բծախնդրութեամբ ուսումնասիրուած տեղեկագիրը հիմնուած է ցարդ գաղտնի փաստաթուղթերու վրայ՝ ձեռք ձգուած Արտաքին գրասենեակէն, Տեղեկութեան ազատութեան օրէնքին հիման վրայ։ Պրն. Ռոպըրթսըն, հեղինակը «Արդեօք Հայկական Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցա՞ւ» վերնագիրով տեղեկագրի մը, վարած է Սիեռա Լիոնի մէջ ՄԱԿի Պատերազմի ոճիրներու ատեանի առաջին նախագահի պաշտօնը։
Պրն. Ռոպըրթսըն երկար ամիսներ շարունակ դիմումներ կատարած էր բրիտանական կառավարութեան մօտ, ձեռք ձգելու համար ներքին փաստաթուղթեր, զորս տրամադրելու օրինական ստիպողութեան տակ էր Արտաքին գրասենեակը։ Ըստ Արտաքին եւ հասարակապետութեան գրասենեակին, կարգ մը փաստաթուղթեր չհրապարակուեցան երբեք, մինչ վերջապէս հրապարակուածները մասամբ սրբուած էին, որպէսզի չվնասեն Թուրքիոյ հետ Բրիտանիոյ յարաբերութիւններուն։
Իր տեղեկագիրին մէջ Պրն. Ռոպըրթսըն կը բացատրէ, թէ Հայկական կեդրոնը իրմէ խնդրած էր «քննարկել 1915-16-ի հայերուն ջարդերը իբրեւ ցեղասպանութիւն ընդունելու բրիտանական կառավարութեան մերժողական կեցուածքը, եւ թէ արդեօք անոր՝ այդ կեցուածքը որդեգրելու պատճառները իրաւացի եւ ճիշդ են միջազգային օրէնքին առջեւ»։
Դժբախտաբար այժմու բրիտանացի պաշտօնատարները մոռցած են իրենց իսկ կառավարութեան յայտարարագիրը, որ Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի հետ միասնաբար հրապարակուեցաւ 28 մայիս 1915ին, եւ որ կ՛ազդարարէր թէ՝ «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ Թուրքիոյ գործած ոճիրներուն լոյսին տակ», երեք մեծ տէրութիւնները պատասխանատու պիտի նկատէին «Օսմանեան կառավարութեան բոլոր անդամները», որոնք առընչուած են հայկական ջարդերուն հետ։
Վերջերս ձեռք ձգուած ներքին փաստաթուղթերը կը յայտնաբերեն Արտաքին գրասենեակի սխալ ուղղութեամբ առաջնորդող, խարդախ եւ չարամիտ միտումը։ 1999ի թուակիր յիշատակագիրի մը մէջ՝ ուղղուած Բրտանիոյ Եւրոպական գործերու պետական նախարար Ճոյս Քուինի եւ ուրիշներու, Արտաքին եւ հասարակապետութեան գրասենեակը նշեց, թէ բրիտանական կառավարութեան պարտաւորութիւնը չէ՛ որոշել, թէ ո՛ր դէպքերը ցեղասպանութիւն կը համարուին. «Պատմութիւնը հետախուզելը, վերլուծելը եւ մեկնաբանելը պատմաբաններուն գործն է»։ Ասոր դիմաց փաստաբան Ռոպըրթսըն կը մատնանշէ կառավարութեան՝ «օրինական հարցի մը վերաբերեալ որոշում կայացնելու համար պատմաբաններուն» ապաւինելու «հիմնական սխալը»։
Ան կը բացատրէ, թէ «ցեղասպանութեան համազօր երեւոյթի մը մասին որոշում կայացնելը միջազգային օրէնքին համաձայն դատողութիւն կատարել է, եւ բնա՛ւ երբեք՝ պատմաբաններու կողմէ որոշուելիք հարց մը։ Պատմաբանները իրականութիւններ կը հաստատեն. փաստաբանները պէտք է դատեն թէ այդ իրականութիւնները միջազգային օրէնքի խախտում մը կ՛ենթադրեն կամ ո»չ։
Նոյն յիշատակագիրին մէջ Արտաքին գրասենեակը կը հաստատէ, թէ չկայ փաստագրային ապացոյց մը, որ կը փաստէ, թէ հայերու զանգուածային ջարդերը հետեւանքն էին պետական միտումնաւոր քաղաքականութեան մը։ Պրն. Ռոպըրթսըն այդ հաստատումը կը կոչէ «ա՛յլ շինծու պատմութիւն մը, որ հերթաբար եւ շարունակ կը յայտնուի» Արտաքին եւ հասարակապետութեան գրասենեակի ներքին հաղորդագրութիւններուն մէջ. «այն գաղափարը թէ՝ գրաւոր փաստաթուղթ պարտի գոյութիւն ունենալ, կառավարութեան մը կամ ղեկավարութեան մը կողմէ հայ ժողովուրդը բնաջնելու որոշումը արձանագրող»։ Պրն.Ռոպըրթսըն դիտել կու տայ, թէ «այդ ձեւի փաստաթուղթ գոյութիւն չունի ի հարկէ Նացիներու Ողջակիզման պարագային»։
Յստակ է, որ Արտաքին գրասենեակը աւելի մտահոգ է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ներքին եւ արտաքին արձագանգներով քան նոյնինքն ցեղասպանութեան ոճիրով։ Պրն.Ռոպըրթսըն դիտել կու տայ, թէ՝ «յիշատակագիրը անամօթաբար կը քննարկէ ցեղասպանութեան ճանաչման քարոզարշաւի ազդեցութիւնը (կշիռը)», նշելով, թէ՝ «այս հանգրուանին քարոզարշաւը չի թուիր բաւարար նեցուկ կամ ուղղութիւն ունենալ Նորին Վեհափառութեան (Թագուհիին) կառավարութիւնը տհաճ կացութեան մատնելու»։
Արտաքին գրասենեակը նաեւ աւելի մեծ արժէք կ՛ընծայէ Թուրքիան հաճեցնելուն, քան թէ ամբողջ ազգ մը բնաջնջելու փորձէ մը ծագած բարոյական հարցերուն։ «Նորին Վեհափառութեան (Թագուհիին) կառավարութիւնը բաց է քննադատութեան դիմաց բարոյագիտական տարածքի առումով», անմիջապէս կ՛ընդունի Արտաքին եւ հասարակապետութեան գրասենեակը։ «Բայց նկատի առնելով Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններուն (քաղաքական, ռազմավարական եւ առեւտրական) կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքը՝ որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ մէկ գործնական օգուտ պիտի ապահովէ Մեծն Բրիտանիոյ, կամ այդ ջարդերէն փոքրաթիւ վերապրողներուն համար, որոնք տակաւին ողջ են այսօր, եւ ոչ ալ պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտութեան՝ ներկայի ուղեգիծը միակ հնարաւոր ընտրանքն է»։ Պրն. Ռոպըրթսըն հեգնանքով, բայց սրտի ցաւով դիտել կու տայ, թէ՝ «այս ցեղասպանութիւնը չէր կրնար ճանչցուիլ ո՛չ թէ որովհետեւ տեղի չէր ունեցած, այլ՝ որովհետեւ ատիկա՝ ճանաչումը՝ քաղաքականապէս եւ առեւտրական առումով անյարմար էր»։
Շարք մը յիշատակագիրներու մէջ Արտաքին գրասենեակին կողմէ յառաջ տարուած մէկ այլ սխալ բանավէճ մըն է այն թէ՝ ՄԱԿի 1948ի Ցեղասպանութեան պայմանագրութիւնը ոչ մէկ յետադարձ ոյժ ունի եւ հետեւաբար կիրարկելի չէ Հայկական Ցեղասպանութեան պարագային։ Պրն. Ռոպըրթսըն՝ աւագ մասնագէտ մը միջազգային օրէնքի մարզին մէջ, փութով կը ջրէ այս «անհիմն փաստարկումը», որովհետեւ «յետադարձ ոյժի դէմ օրէնքը կիրարկելի է անհատներու դէմ կատարուած ոճրային ամբաստանութիւններու պարագային, որոնք օրէնքին դէմ չէին այն ժամանակ երբ ենթադրաբար ոճիրը գործուած էր։ Ոչ ոք կ՛ըսէ, թէ այսօր ոճրային ամբաստանութիւններ պիտի ուղղուին ընդդէմ մարդոց, որոնք երկար ատենէ ի վեր մահացած են, այլ՝ հարցը այն է թէ արդեօք հայերուն ջարդերը «ցեղասպանութիւն» եզրով կարելի՞ է նկարագրել, ըստ ՄԱԿի 1948ի Ցեղասպանութեան պայմանագրութեան մէջ նշուած սահմանումին»։
Բրիտանացի պետական նախարար Ճոյս Քուին այնքան զայրացած էր իր կառավարութեան՝ «ցեղասպանութեան ուրացման» ծայրայեղ կէցուածքէն եւ անոր այն վերագրումէն թէ՝ ցեղասպանութիւն գործելու թրքական միտումի փաստ մը չկայ, որ Արտաքին գրասենեակին ուղղուած 13 Ապրիլ 1999ի թուակիր յիշատակագիրի մը մէջ ան դիտել կու տար, թէ մտադրութեան հարցը երբեք չէր քննուած կառավարութեան պաշտօնատարներու կողմէ։
Ապա Պրն. Ռոպըրթսընի տեղեկագիրը կը խօսի Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թորտա Ապոթ-Ուաթի հետ կապուած դիւանագիտական գայթակղութեան մասին։ Դեսպանը անամօթաբար հարցականի տակ առած էր Հայկական Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը 2004ին Երեւանի մէջ իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, նշելով, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ապացոյցը «բաւարար չափով աներկդիմի չէր», որպէսզի կարելի ըլլար զայն իբրեւ ցեղասպանութիւն դասել ՄԱԿի Ցեղասպանութեան պայմանագրութեան պայմաններուն համաձայն։ Ի պատասխան շարք մը յօդուածներու, զորս ես ստորագրած էի օրին, ամբողջ աշխարհի մէջ հազարաւոր ընթերցողներ Բրիտանիոյ արտաքին գրասենեակն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողողեցին բողոքի նամակներով։ Հայաստանի կառավարութիւնը վերջապէս բողոքագիր մը յղեց բրիտանական կառավարութեան։ Պրն. Ռոպըրթսըն բացայայտեց Արտաքին եւ հասարակապետութեան գրասենեակի ներքին յիշատակագիր մը, որ գրուած էր այդ վիճաբանութեան ընթացքին, թելադրելով որ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը պահէ իր ուրացման քաղաքականութիւնը, տրուած ըլլալով, որ Թուրքիա «դիւանագիտական մեծ աղբիւրներ կը յատկացնէ դէմ դնելու համար որեւէ հաւանական ճանաչման։ Թուրքիա իսկապէս շատ բուռն հակազդեցութիւն պիտի ունենայ Մեծն բրիտանիոյ կողմէ որեւէ ճանաչման առաջարկի դէմ»։
Վերջերս հրապարկուած հարիւրաւոր էջերով փաստաթուղթերու իր քննութեան ընթացքին, Պրն. Ռոպըրթսըն հանդիպեցաւ «միայն մէկ աննշան եւ քամահրական ակնարկութեան մը» Արտաքին գրասենեակին կողմէ՝ ի մասին «միջազգային հաւաստի քննութեան մը», որ հայերուն զանգուածային սպանութիւնները կը դասակարգէր իբրեւ ցեղասպանութիւն։ Այդ եզակի ուսումնասիրութիւնը՝ ՄԱԿի Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովին խնդրանքով՝ կատարուած էր 1985ին, բրիտանացի յատուկ տեղեկագրող Պենճամին Ուիթեքըրի կողմէ։ Պրն. Ռոպըրթսըն ցաւով գտած է, որ Արտաքին գրասենեակը հրապարակած էր յիշատակագիր մը՝ խորհուրդ տալով կառավարութեան նախարարներուն, որ անտեսեն ՄԱԿի 1985ի տեղեկագիրը, նշելով թէ «ատկէ ի վեր մենք տեղեակ չենք անոր տեղեկագրին ՄԱԿի որեւէ մէկ փաստաթուղթի կամ ժողովի մէջ յիշատակուած ըլլալուն»։
Նոյնիսկ շարք մը եւրոպական երկիրներու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք, Արտաքին գրասենեակը շարունակեց յամառօրէն կառչած մնալ իր ուրացման քաղաքականութեան՝ խորհուրդ տալով Եւրոպական գործերու պետական նախարար Ճեֆ Հունի, թէ՝ «Թուրքիա զայրացկոտ եւ պաշտպանողական է ցեղասպանութեան ամբաստանութեան նկատմամբ, հակառակ այն իրողութեան որ դէպքերը տեղի ունեցան Օսմանեան կայսրութեան օրերուն եւ ոչ թէ այժմեան Թուրքիոյ օրերուն։ Մեծ թիւով թուրքեր իրենց կեանքը կորսնցուցին պատերազմին մէջ, ինչպէս նաեւ կայ հատուցման պահանջներու վերաբերեալ մտահոգութեան գործօն մը՝ ցեղասպանութեան ամբաստանութեան ընդունման պարագային։ Այս պաշտպանողականութիւնը կը նշանակէ թէ՝ Թուրքիա պատմականօրէն խեղդած է այդ մասին բանավէճը իր հասարակութեան մէջ եւ նկատառելի դիւանագիտական ջանքեր տրամադրած է խափանելու համար որեւէ յաւելեալ ճանաչում»։
Վերջապէս 2007 Հոկտեմբերին երբ Միացեալ նահանգներու արտաքին գործերու յանձնախումբը որդեգրեց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծ մը, Արտաքին գրասենեակը գրեց ահազանգային յիշատակագիր մը, մտահոգութիւն արտայայտելով թէ՝ «Հայկական Սփիւռքի ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած լոպիինկի մեքենան» հիմա այլեւս «իր ոյժէն գերիվեր կը բանի»։
Հիմնուելով տաս տարուան ընթացքին գրուած՝ վերջերս հրապարակուած ներքին փաստաթուղթերուն իր քննութեան վրայ, Պրն. Ռոպըրթսըն կ՛եզրակացնէ, թէ Բրիտանիոյ Արտաքին գրասենեակին կողմէ կառավարութեան նախարարներուն տրուած խորհուրդը «ո՛չ ցեղասպանութեան օրէնքը կը ցոլացնէ, ո՛չ ալ 1915-16ի ջարդերուն ապացուցանելի իրականութիւնները, եւ կը նպատակադրէ սխալ ուղղութեամբ առաջնորդել խորհրդարանը՝ հաւատացնելով թէ փաստերու արժեւորում մը տեղի ունեցած է եւ դատողութիւն մը կատարուած այդ փաստին վերաբերեալ»։
Պրն. Ռոպըրթսըն տակաւին կը հաստատէ, թէ «խորհրդարանը հերթականօրէն սխալ տեղեկութիւն ստացած է նախարարներու կողմէ, որոնք Արտաքին եւ հասարակապետութեան գրասենեակի տեղեկագիրներ կրկնած են առանց հարցականի տակ առնելու անոնց ճշգրտութիւնը։ Նորին Վեհափառութեան կառավարութեան իրական եւ միակ քաղաքականութիւնը եղած է՝ խուսափիլ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերող խնդիրներուն ճշմարիտ պատասխաններ տալէ, որովհետեւ ճշմարտութիւնը պիտի անհանգստացնէր Թուրքիոյ կառավարութիւնը»։
Այդ ձեւի սխալ վարմունքի եւ սխալ ներկայացումներու յայտնաբերման լոյսին տակ, Բրիտանիոյ խորհրդարանը պէտք է պաշտօնական լսումներ կազմակերպէ եւ քննէ վարմունքը բոլոր պաշտօնատարներուն, որոնք սուտ եւ սխալ ուղղութեամբ առաջնորդող տեղեկութիւններ հայթայթեցին խորհրդարանի անդամներուն աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր։ Պէտք է քրէական գործ յարուցուի անոնց դէմ, որոնք իրենց պարտականութիւններուն մէջ կա՛մ անհոգութիւն ցուցաբերած են կա՛մ ալ մեղսակից եղած են յստակօրէն սխալ տեղեկութիւններու հայթայթումին, եւ կամ՝ անոնք պէտք է արձակուին իրենց կառավարական պաշտօններէն։
Առաւել, Պրն. Ռոպըրթսընէն՝ որպէս գերազանց միջազգային օրէնսգէտ, պէտք է խնդրուի որ թրքական կառավարութեան դէմ օրինական քրէական գործ յարուցանէ բրիտանական ատեանի մը մօտ, եւ որ աւելի կարեւոր է՝ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին մօտ։
Այս չափազանց արժէքաւոր տեղեկագիրը պէտք է թարգմանուի շարք մը գլխաւոր լեզուներու եւ ցրուուի ամբողջ աշխարհի մէջ։
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
Խմբագիր