ՊՈԼԻՍ.- Սապանչը համալսարանին մէջ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6ին սկսաւ երկօրեայ գիտաժողով մը, նուիրուած Ատանայի ջարդերու հարիւրամեակին՝ «Ատանա 1909. Պատմութիւն, յիշողութիւն եւ ինքնութիւն հարիւր տարիներու պրիսմակէն»:
Գիտաժողովը կազմակերպուած է Պողազիչի համալսարանին, Պիլկի համալսարանի պատմութեան բաժանումին, «Կոմիտաս» հիմնարկի, Հրանդ Տինքի անուան միջազգային հիմնարկին ու Սապանչը համալսարանին համագործակցութեամբ: Նիւթերը պիտի ներկայացուին անգլերէնով եւ թրքերէնով:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անդամներն են՝ Հիւլիա Ատաք, Ֆիքրէթ Ատանըր, Ճէնկիզ Աքթար, Այշէ Կիւլ Ալթընայ, Ահմէտ Էրսոյ, Արա Սարաֆեան, Մելթէմ Թոքսէօզ եւ Մէթէ Թունճայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.