Մանկական երգերու «Հոյ Լարի»ի խումբը, որ բաղկացած է Փաուլա Գասապեանէն եւ Ժանէթ Եթէնէքեանէն, Շաբաթ, Նոյեմբեր 28ին, երկու երգահանդէս կազմակերպած է (առաւօտեան ժամը 11ին եւ կ.ե. ժամ 4ին) Հիւսիսային Հոլիվուտի «Էլ Փորթալ» սրահին մէջ: Երեխաներու հայերէնով երգելը քաջալերելու նպատակը հետապնդող «Հոյ Լարի»ին նաեւ նոր DVD մը արտադրած է, բեմադրութեամբ Գոռ Կիրակոսեանին, որ տրամադրելի պիտի ըլլայ երգահանդէսին օրը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.hoylari.com համացանցային կայքը: Տոմսերու համար այցելել www.itsmyseat.com կայքը կամ դիմել (310) 600-0207 թիւին: