ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յասմիկ Գրիգորեանի, «Մեր Շուշին» թեմայով հեռատեսիլի մարաթոնին մասնակցելու համար Լոս Անճելըս պիտի մեկնին ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան։
Ուղիղ կապով հեռարձակուող մարաթոնին, ըստ Յ. Գրիգորեանի, այս տարի կ՛ակնկալուի աւելի մեծ լսարան, որուն ընդառաջ արդէն իսկ կազմակերպուած են քարոզարշաւներ, դրամահաւաք-ճաշկերոյթներ, հեռախօսամարաթոն, հեծելարշաւներ:
Ըստ Յ. Գրիգորեանի, Գանատայի մէջ արդէն իսկ կայացած վեցօրեայ բարեգործական հեծելարշաւի ընթացքին հաւաքուած 50 հազար տոլարի հասոյթը յատկացուած է ԼՂՀ Մարտունի շրջանի Սպիտակաշէն համայնքի դպրոցի կառուցման, որուն աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են։ Նշենք, որ արդէն իսկ պատրաստ է մարաթոնին նուիրուած երգի տեսահոլովակը։ «Մենք, մեր սարերը» երգով հայաստանեան հեռատեսիլի ընկերութիւնները պիտի ազդարարեն մարաթոնին սկիզբը: