ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Էյ.Պի.Սի.».- 20 տարի առաջ իր ստեղծագործութիւնները Լոս Անճելըսի մէջ վաճառելով աստիճանաբար հանրածանօթ արուեստագէտ մը դարձած Եուրօ (Եուրի Գէորգեան) աւարտելու վրայ է Վատիկանէն ապսպրուած սրբանկար մը, որ պիտի զետեղուի հիւսիսային Իտալիոյ մէջ գտնուող եկեղեցիի մը մէջ:
6ով 9 ոտք համեմատութեամբ գործը կը պատկերէ իտալացի սուրբ մը՝ հայր Արքանճելօ Թատինին, որ աշխատաւոր կանանց սուրբը կը նկատուի:
Եուրօ յառաջիկայ ամիս Վատիկան պիտի մեկնի եւ հանդիպում մը պիտի ունենայ Պենետիքթ ԺԶ. պապին հետ: