ՄԷՆԼՕ ՓԱՐՔ, Քալիֆորնիա.- Երեւանի Բնագիտութեան հիմնարկին «Անջրպետային ճառագայթի բաժանմունքի (Cosmic Ray Division) բարեկամներ» միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ իր անջրպետային օդերեւութաբանական գլխաւոր կեդրոնատեղին Արագած լերան վրայ հաստատած բաժանմունքը այս տարուան ընթացքին կրցած է, այլ երկիրներէ մասնագէտներու գործակցութեամբ, աւելի եւս զարգացնել իր ուսումնասիրական կեդրոնները: Արդարեւ, միջմոլորակային մագնիսական դաշտի խախտումներուն մօտէն հետեւելու նպատակով, Երեւանի Բնագիտութեան հիմնարկին Անջրպետային ճառագայթի բաժանմունքը, Ուքրանիոյ գիտութեան ակադեմիոյ Լվովի անջրպետային ուսմանց հիմնարկին հետ գործակցելով, Արագածի վրայ հաստատած է երկու կեդրոններ: Անոնցմէ մէկը հաստատուած է 6000, իսկ երկրորդը՝ 11,000 ոտք բարձրութեան վրայ, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ աւելի լաւ հասկնալ անջրպետային կլիմայական փոփոխւթիւններն ու աւելի ճշգրիտ կանխատեսումներ կատարել ջերմամագնիսական փոթորիկներու մասին:
Նաեւ, բաժանմունքին ու Գերմանիոյ Քարլզրուհէ քաղաքի ուսումնասիրական հիմնարկին հետ գործակցութեամբ, քանի մը ամիս առաջ Արագած լերան վրայ հաստատուած են արեւու ճառագայթներէն տեղեկութիւններ հաւաքող երեք կեդրոններ, դարձեալ ջերմամագնիսական փոթորիկներու եւ անջրպետային օդերեւութաբանական կանխատեսումներու մասին աւելի ճշգրիտ տեղեկութիւններ ամբարելու նպատակով:
Արդէն իսկ աշխատանք կը տարուի նման կեդրոններ հաստատելու աշխարհի զանազան այլ վայրերու մէջ, անջրպետային օդերեւութաբանական կանխատեսումները աւելի ճշգրիտ դարձնելու նպատակով:
Անջրպետային ճառագայթի բաժանմունքին մասին տեղեկութեանց համար այցելել www.crdfriends.org համացանցային կայքը: