Շաբաթ, 31 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Կլէնտէյլի «Ռոյըլ Փալէյս» ճաշարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի Պըրպէնքի «Սիփան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 14րդ տարեդարձը: Ներկայ էին աւելի քան 300 ՀՄԸՄականներ եւ համակիրներ, որոնք եկած էին անգամ մը եւս իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու այն ազգանուէր կազմակերպութեան՝ ՀՄԸՄին, որուն շարքերուն ընդմէջէն հարիւրաւոր երիտասարդներ հայրենասիրութեամբ կը դաստիարակուին:
Հոն էին Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեանը, Շրջանային Վարչութեան անդամներէն ատենապետ Սթիւ Արթինեանը եւ Մարօ Քէշիշեանը, Կեդր. Կոմիտէի անդամ Յովան Թաշճեանը, ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի անդամներ, ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչներ, մասնաճիւղի պատուոյ անդամներ եւ նուիրատուներ:
Մասնաճիւղի վարչութեան անունով ներկաները ողջունեց եւ օրուան հանդիսավարը՝ Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի քարտուղար Արտաշէս (Արտի) Քացախեանը ներկայացուց վարչութեան անդամներէն Յովիկ Աբրահամեանը:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ պաշտօնական յայտագիր մը, զոր ձեռնհասօրէն վարեց օրուան հանդիսավարը, մէջ ընդ մէջ ներկայացնելով ՀՄԸՄի առաքելութիւնն ու նուաճումները:
Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներու կատարումէն ետք, սեղանները օրհնեց Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեանը:
Ապա, հանդիսավար Արտաշէս Քացախեան խօսք առնելով ընդգծեց ՀՄԸՄի կարեւորութիւնը, յայտնելով, թէ ան ոչ միայն հայ երիտասարդներուն համար առողջ միջավայր մը կ՛ապահովէ, այլ նաեւ զանոնք լաւապէս դաստիարակելով հանրային մեր կեանքէն ներս կարեւոր պարտականութիւններու կ՛առաջնորդէ:
Ապա, շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, մասնաճիւղի հովանաւորներուն եւ նուիրատուներուն, յատուկ երախտագիտութիւն փոխանցեց մասնաճիւղի պատուոյ անդամներ Թիմի Մարտիրոսեանին, Տոքթ. Արմէն Տէր Յարութիւնեանին եւ Վահիկ Տէր Յարութիւնեանին, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին մասնաճիւղին եւ կը նպաստեն անոր վերելքին:
Մասնաճիւղի վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ Յարութ Մարտիրոսեան, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի անցեալի եւ ներկայի ղեկավարներուն, որոնք ՀՄԸՄի նպատակները իրականացնելով օգտակար կը հանդիսանան Պըրպէնքի հայկական գաղութին:
«14ամեայ Սիփան մասնաճիւղի աշխատանքները ծանօթ են գաղութին: Մեր անդամները ուխտած են ծառայել մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն, տալ անոնց ազգային շունչ ու ոգի, արմատաւորելով անոնց մէջ ազգային գիտակցութիւնը եւ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի տեսլականը», շեշտեց Մարտիրոսեանը եւ առիթը պատեհ նկատելով խոնարհեցաւ ներկաներուն եւ բոլոր անոնց առաջ, որոնք տասնըչորս տարիներ թեւ ու թիկունք կանգնեցան մասնաճիւղին: Եզրակացնելով, Մարտիրոսեան կոչ ըրաւ ներկաներուն վստահելու իրենց զաւակները ՀՄԸՄին, ուր անոնք կը թրծուին իբրեւ տիպար քաղաքացիներ ու ազգանուէր հայեր:
Եղբօր ոգեւորիչ խօսքերէն ետք, ցուցադրուեցաւ «Սիփան» մասնաճիւղի 14ամեայ գործունէութիւնը արտացոլող տեսաերիզ մը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ: Տեսաերիզը պատրաստուած էր Փաթրիք Տէր Մովսէսեանի կողմէ:
Շրջ. Վարչութեան խօսքը փոխանցեց Մարօ Քէշիշեանը, որ ընդգծելով միութենական կեանքի կարեւորութիւնը հայկական մեր իրականութենէն ներս, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Պըրպէնքի մէջ, սերտ համագործակցութեամբ կը գործեն կարեւոր կազմակերպութիւններ, որոնք նաեւ ստեղծած են ակմբային գեղեցիկ կեանք մը շրջանէն ներս: «Սակայն այդ կեանքին համն ու հոտը երիտասարդութիւնն է, որ առաւել կ՛ոգեւորէ, կը խանդավառէ ու առաւել հետաքրքրական կը դարձնէ այդ մթնոլորտը: Ես ուրախ եմ, որ ՀՄԸՄի Սիփան մասնաճիւղը կրցած է իր շուրջ համախմբել երիտասարդութիւնը, որ շունչ կու տայ շրջանին եւ կը յուսադրէ մեզ», ըսաւ Քէշիշեան:
Ան, ընդգծելով մարզադաշտերով Հայ Կեդրոն մը ունենալու հրամայականը, վստահութիւն յայտնեց, որ շրջանի «Աղբալեան» կոմիտէութեան գլխաւորութեամբ այդ հրամայականը իրականութիւն պիտի դառնայ եւ ՀՄԸՄը առաւել պիտի ծաղկի:
Մասնաճիւղի 14րդ տարեդարձը շնորհաւորեց ՀՄԸՄի Սաութ Պէյի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութիւնը, յանձինս Հիլտա Ղարախանեանի, որ այդ առիթով գնահատանքի յուշատախտակ մը յանձնեց վարչութեան ատենապետին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ «Սիփան»ի վարչութիւնը մօտէն գործակցելով իր մասնաճիւղին հետ, մեծապէս օգտակար հանդիսացած է «Արագած»ի սկաուտական թեւի աշխուժացման:
Այնուհետեւ, «Սիփան»ի վարչութիւնը, գեղեցիկ անակնկալով մը պարգեւատրեց մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն եւ ամբողջ 14 տարիներ անսակարկ ծառայող Սարօ Ղազարեանը՝ իբրեւ միութենական բարի օրինակ հանդիսացող անձ:
Ծաղկեփունջերով պարգեւատրուեցան նաեւ մասնաճիւղի վարչութեան անդամներուն տիկինները, որոնք առանց տրտունջի, կը խրախուսեն իրենց ամուսինները ծառայելու ՀՄԸՄին:
Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Յովան Թաշճեան, որ շնորհաւորելով մասնաճիւղի տարեդարձը, վստահեցուց, որ ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղի արմատները շատ ուժեղ հողի մէջ հաստատուած են, որուն համար ալ անոր թուական պատկերը բազմապատկուած է:
Թաշճեան ընդգծելով հայ երիտասարդութեան դաստիարակութեան կարեւորութիւնը շեշտեց, որ «Մենք պիտի հզօրանանք այստեղ: Մենք պիտի կարողանանք ստեղծել բոլոր հնարաւորութիւնները, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ծնած եւ մեծցող մեր երեխաներուն կարողանանք հայթայթել այնպիսի կեդրոններ, այնպիսի մարզադաշտեր, այնպիսի հայկական միջավայր, որտեղ անոնք կարողանան մեծնալ որպէս հայ մարդ եւ ստեղծագործեն որպէս հայ մարդ»:
Ան յատուկ գոհունակութիւն յայտնեց ՀՄԸՄի Սիփան մասնաճիւղին, որուն անդամ-անդամուհիները ներկայութիւն եղան բոլոր այն հաւաքներուն, որոնց ընթացքին կը պաշտպանուէին Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը, բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի հարցը եւ կը փորձուէր պաշտպանել եւ տէր կանգնիլ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին:
Պաշտօնական յայտագրէն ետք, երեկոն խանդավառեցին DJ Րաֆֆին ու երգիչ Հրայր Գաբրիէլեանը:
Ներկաները օրուան պատգամներէն մեծապէս գոհունակութիւն ստացած, շարունակեցին երեկոն զրուցելով իրենց անցեալի յիշատակներուն մասին, հայկական երգ ու պարով յագեցած գիշերը վայելելով ու մեկնելով տուն՝ ՀՄԸՄին իրենց զօրակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութեամբ:
ՀՄԸՄԻ ԹՂԹԱԿԻՑ
————————————————————————————————————————-
ՀՄԸՄի ՔԱՀԱՄի Մարզախաղերը Պիտի Սկսին 15 Նոյեմբերին
Կիրակի, 15 Նոյեմբեր 2009ին սկիզբ պիտի առնեն ՀՄԸՄի Շրջանային Մարզական Խորհուրդի կազմակերպած Քալիֆորնիոյ Հայ Աշակերտական Մարզախաղերը՝ ՔԱՀԱՄը:
Աշակերտական այս մարզախաղերը նպատակ ունին մարզական հարազատ միջավայրի մը մէջ համախմբելու շրջանի հայ աշակերտութիւնը, անոնց մէջ մարզական մրցակցութեան մաքուր ոգին դրոշմելու, միաժամանակ նաեւ ՀՄԸՄը ծանօթացնելու անոնց:
Մարզախաղերը տեղի պիտի ունենան Կլէնտէյլ Գոլէճի մարզադաշտերուն վրայ, առաւօտեան ժամը 8էն սկսեալ:
Այս շրջանին եւս մարզախաղերը հանգրուանային ձեւով պիտի իրագործուին։ Նախ՝ թեթեւ աթլէթի մրցումներն են, որոնք տեղի պիտի ունենան 50, 100, 200, 400, 800 եւ 1500 մեթր վազքի, մէկ քայլ ոստումի, գունդ նետելու եւ դրօշարշաւի մարզերուն մէջ։
Բնական է, ՔԱՀԱՄի Մարզախաղերը թեթեւ աթլէթի մարզաճիւղով չեն սահմանափակուիր: Անոնք կ՛ընդգրկեն նաեւ փինկ-փոնկի, վոլիպոլի, ֆութպոլի, պասքէթպոլի եւ ճատրակի մարզաճիւղերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձին թուականներու պիտի իրագործուի:
Աշակերտական այս գեղեցիկ մրցումներու փակման հանդիսութիւնը յատուկ նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 14 Մարտ 2010, կէսօրէ ետք ժամը 4ին, Կլէնտէյլ Գոլէճի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ, 1500 N. Verdugo Rd., Glendale, CA 91208: Հանդիսութեան ընթացքին պիտի յանձնուին մրցումներու յաղթանակի բաժակները, որոնց տիրացող խումբերը վստահաբար աննկարագրելի, ուրախ պահեր պիտի ապրին:
Շրջանի հայութիւնը հրաւիրուած է ներկայ գտնուելու ՔԱՀԱՄի բացումը յատկանշող թեթեւ աթլէթի այս մրցումներուն: