ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Մեծ Բրիտանիայի արտաքին գործերու նախարարութեան արխիւներու մէջ վերջերս յայտնաբերուած 15ամեայ վաղեմութեան փաստաթուղթեր հաստատած են այն վարկածները, ըստ որոնց Մեծ Բրիտանիան թուրք-անգլիական յարաբերութիւնները աւելի կարեւոր կը նկատէ քան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, նաեւ՝ որ «Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ճանաչումը Անգլիային ոչ մէկ գործնական օգուտ կու տայ»:
Յարութ Սասունեանի «Ասպարէզ»ի Նոյեմբեր 3ի սիւնակին մէջ հրապարակուած թագաւորական փաստաբան Ճեֆրի Ռապըրթսընի զեկոյցին վերաբերեալ «Նիւոզ է.էմ» լրատուական հայկական ծառայութեան հարցումին պատասխանելով, Երեւանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Չարլզ Լոնստէյլ յայտնած է, որ «մենք կուսումնասիրենք Ճեֆրի Ռապըրթսընի արծարծած դրոյթները, թէեւ պէտք է նշենք, որ անոնք իրաւաբանի կարծիքը կը ներկայացնեն այլ ոչ թէ դատական որոշում են»:
Դեսպանը նաեւ աւելցուցած է, որ «Թուրքիոյ կողմէ 20րդ դարասկզբին կատարուած դէպքերը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալը Եւրոմիութեան անդամակցելու նախապայման չէ: Սակայն, համաձայն անդամութեան համար չափորոշիչներու, Թուրքիա պէտք է բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունենայ տարածաշրջանի երկիրներու հետ»:
Դեսպանը նաեւ կոչ ըրած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններուն վաւերացնելու Հոկտեմբերին ստորագրուած արձանագրութիւնները: