ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի Ազգային ժողովի Նոյեմբեր 16ին կայացած հերթական քառօրեայ նիստերուն ընթացքին՝ իբրեւ օրակարգ ներկայացուած է 71 հարց, որոնց մէջ՝ միջազգային 8 պայմանագիր:
Օրակարգային հարցերը կը ներառեն Հայաստանի 2010ի պետական պիւտճէի մասին օրինագիծը, ՀՀ Վերահսկիչ պալատի եւ Հայաստանի տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովին 2010ի գործունէութեան տարեկան ծրագրերը, ինչպէս նաեւ, իբրեւ արտահերթ՝ ՀՅԴ խմբակցութեան անդամներուն հեղինակած «Մշտադիտարկում (մոնիթըրինկ) իրականացնող ԱԺ ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծելու մասին» որոշման նախագիծը, որ ներկայացուած է 2008ի Մարտ 1-2ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու եւ պատճառներու ուսումնասիրութեան ժամանակաւոր յանձնաժողովին եզրակացութեան հիման վրայ:
Ըստ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի, գլխադասային յանձնաժողովներուն ոչ դրական եզրակացութեան արժանացած ՀՅ Դաշնակցութեան, ինչպէս նաեւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան անդամներ Անահիտ Բախշեանի եւ Արմէն Մարտիրոսեանի հեղինակած «Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն նախատեսող նախագիծերը հեղինակներուն կողմէ համարուած են արտահերթ:
ԱԺ կանոնակարգ-օրէնքին համաձայն, հերթական նստաշրջանի իւրաքանչիւր երկրորդ քառօրեայ նիստերու Երեքշաբթի օրուան երկրորդ նիստին կը քննարկուի ընդդիմադիր խմբակցութեան կողմէ արտահերթ համարուած օրէնքի կամ որոշման մէկ նախագիծ: Մէկէ աւելի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու առկայութեան պարագային, անոնց կողմէ արտահերթ համարուած հարցերուն քննարկման յաջորդականութիւնը կ՛որոշուի ըստ անոնց անդամներու թուաքանակին՝ մեծէն փոքր: Այս դրոյթով պայմանաւորուած՝ առաջնութիւնը տրուած է աւելի մեծաթիւ ՀՅԴ խմբակցութեան:
Ազգային ժողովը քուէարկութեամբ մերժած է օրակարգին մէջ ընդգրկել գլխադասային յանձնաժողովի դրական եզրակացութեան չարժանացած այլ՝ 2008 Մարտ 1-2ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ պատճառներուն ուսումնասիրութեան ժամանակաւոր յանձնաժողովին եզրակացութեան հիման վրայ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան քարտուղար Լարիսա Ալաւերդեանի ներկայացուցած որոշման նախագիծը, որ կ՛առաջարկէր ստեղծել մարտեան դէպքերը ուսումնասիրող նոր ժամանակաւոր յանձնաժողով: