ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ազդակ».- Ուրբաթ, 13 Նոյեմբերին, ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս եռօրեայ պաշտօնական եւ հովուապետական այցելութիւն մը տուած է Սուրիա:
Վեհափառի պատուիրակութեան մաս կազմած են Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Եզնիկ արք. Պետրոսեան, Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի լուսարարապետ Արարատ եպս. Գալթագճեան, գաւազանակիր Յովնան աբղյ. Յակոբեան եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Այցելութեան ընթացքին Ամենայն հայոց հայրապետը հանդիպումներ ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, Սուրիոյ Ազգային ժողովի նախագահի, վաքըֆներու նախարարի եւ Սուրիոյ միւֆթի Ահմետ Պատրէտտին Հասսունի հետ:
Սուրիոյ նախագահին հետ հանդիպումի ընթացքին արծարծուած են երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքի աշխուժ դերակատարութիւնը, միւս կողմէ՝ շեշտուած է Սուրիոյ զաւակներու համատեղ ապրելու իւրայատկութիւնը:
Վեհափառը այցելած է «Կ. Կիւլպենկեան» յառաջապահ վարժարան, Ազգային միացեալ վարժարան եւ «Թարգմանչաց» վարժարան, ուր իր հայրական խօսքը ուղղած է աշակերտներուն:
Վեհափառը Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Իսկ Կիրակի, 15 Նոյեմբերին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցած է հայրապետական Ս. պատարագ:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը այցելած է Ումաուիներու մզկիթը եւ սուրիական ազատագրուած Քունէյթրա քաղաքը:
Միջկրօնական հանդիպումներու ծիրին մէջ վեհափառը հանդիպումներ ունեցած է Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Զաքքա Ա. Իուասի, Անտիոքի յոյն պատրիարք Իգնատիոս Դ. Հազիմի, Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք Կրիկորիոս Գ. Լահհամի հետ: