ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը անցեալ Ուրբաթ օր այցելած է Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին: Պատուիրակութեան մաս կազմած են Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Տիգրան Ճինպաշեան ու Մարտիկ Պօղոսեան:
Նախագահ Սլէյման իր գնահատանքը յայտնած է ՀՅ Դաշնակցութեան վարած քաղաքականութեան եւ ազգային միութեան դահլիճի կազմութեան ընթացքին իր ցուցաբերած վերաբերումին կապակցաբար՝ շեշտելով, որ Լիբանանի հայութիւնն ու Դաշնակցութիւնը կը մնան Լիբանանի միութեան եւ գոյատեւման կարեւոր նեցուկներէն: Ան նշած է, որ ՀՅԴի ինքնուրոյն, հաւասարակշռուած եւ չափաւոր կեցուածքները մեծապէս կը նպաստեն երկրի դրական յառաջընթացին:
Ապա, խօսակցութիւնը կեդրոնացած է հանրապետութեան նախագահի Սուրիա կատարած վերջին այցելութեան վրայ, ուր զօր. Սլէյման աւելի քան դրական նկատած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ իր հանդիպումը, որ անպայմանօրէն պիտի ծառայէ Լիբանան-Սուրիա յարաբերութեանց բարելաւման եւ իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ ներքին ճակատի վրայ վստահաբար:
ՀՅԴ պատուիրակութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնած է հանրապետութեան նախագահին՝ շեշտելով իր պատրաստակամութիւնը նպաստելու Լիբանանի ազգային միութեան ամրապնդման աշխատանքին:
Պատուիրակութիւնը նաեւ նախագահ Սլէյմանին հետ քննարկած է հայ համայնքը յուզող հարցերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.