ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնէպի՝ Ատրպէյճան իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Եւրոպական միութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման գործին մէջ լուրջ դեր կրնայ եւ պիտի խաղայ։ «Ես դեռ ոչինչ կրնամ ըսել հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերմամբ, որովհետեւ հիմնականին մէջ Եւրոպական միութիւնը ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին մէջ չէ։ Հակառակ ատոր, Եւրոպական միութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման գործին մէջ լուրջ դեր կրնայ եւ պիտի խաղայ։ Մենք այդ ոլորտին մէջ լուրջ փորձառութիւն ունինք։ Տագնապային իրավիճակներու մեր փորձառութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան համար», յայտարարած է ան։
Անդրադառնալով բանակցային գործընթացին, Սեմնէպի նշած է, որ վերջին տարուան ընթացքին աշխուժութիւն կը նկատուի, յիշեցնելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու յաճախակի հանդիպումները։ «Հակամարտութեան լուծման գործին մէջ ատիկա դրական երեւոյթ է», ըսած է Սեմնէպի, յոյս յայտնելով, որ «գործընթացը կը շարունակուի»։
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16ին, Սեմնէպի հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ, քննելով երկկողմանի յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութիւնները: Մամէտեարով այս առիթով դարձեալ յայտարարեց, թէ Արցախի ներկայ իրավիճակը անընունելի է Պաքուի համար: