ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ, «Ազատութիւն» կայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան յայտարարած է, որ այս հանգրուանին հայ-թրքական բանակցութիւններ տեղի չեն ունենար:
«Բանակցութիւնները աւարտուել են շատ շուտ: Բանակցութիւններ՝ հայ-թուրքական, չեն վարւում այսօր: Յաջորդ քայլը ըստ այն ժամանակացոյցի, որ հրապարակուած էր արձանագրութիւններին կից՝ վաւերացումն է: Երբ որ վաւերագրերը կը փոխանակուեն, արդէն այլ զարգացումներ կը սպասուեն ըստ ժամանակացոյցի», յայտարարած է Բալայեան