ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Պաքիլար.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Արազ Ազիմով յայտարարած է, թէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը երկու ճանապարհ ունի՝ կամ Հայաստանը կառուցողական դիրք կ՛որդեգրէ եւ այդ ժամանակ հակամարտութիւնը կը լուծուի խաղաղ ճանապարհով, կամ Ատրպէյճանը կը դադրեցնէ ապարդիւն բանակցութիւնները։
Ազիմով նշած է, որ Ատրպէյճան մտադիր չէ ապարդիւն բանակցութիւններ վարել։ «Հակառակ Հայաստանի պաշտօնական անձնաւորութեանց յայտարարութիւններուն, թէ իրենք պատրաստ են ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծելու խաղաղ ճանապարհով, Հայաստան որդեգրած է այնպիսի դիրքորոշում մը, որ չի համապատասխաներ միջազգային արժեչափերուն ու միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու», ըսած է ան։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ գաղթականներու համար կառուցուած նոր շէնքի մը բացման հանդիսութեան ընթացքին յայտնեց, թէ Ղարաբաղի հարցով բանակցութեանց ներկայ փուլի մէջ արդէն իսկ նախատեսուած է հայկական զինեալ ուժերու դուրս բերումը Ղարաբաղի շրջակայ բոլոր եօթը շրջաններէն, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանցիներու վերադարձը՝ այդ շրջաններ։
«Ներկայիս կը քննուի նաեւ ատրպէյճանցիներու Ղարաբաղ վերադարձի հարցը, որ նախապէս չէր քննարկուած, ըսաւ Ալիեւ ու շարունակեց. «Շուտով դուք պիտի վերադառնաք ձեր բնակավայրերը եւ այդ առիթով Ղարաբաղի մէջ ձեր բոլորին համար պիտի կառուցուին նոր տուներ»։