ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Նոյեմբեր 5, 2009ին, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ Վիգի Մարաշլեան եւ գրասենեակներու վարիչ-տնօրէն՝ Ժիրայր Պէօճէքեան, ՀՕՄի Արցախի վարչութեան ատենապետուհի՝ Մարկարիթա Թարանեանի եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Դաւիթ Իշխանեանի ընկերակցութեամբ, այցելութիւն մը տուին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Արա Յարութիւնեանին։ Վարչապետին հետ հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԼՂՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար՝ Վլատիկ Խաչատրեան։
Հանդիպումի գլխաւոր թեման ՀՕՄի Արցախի 11 «Սօսէ» մանկապարտէզներու պարագան էր, որոնց գործունէութեան շարունակման միջոցները գործակցաբար ապահովելու կարելիութիւնները քննարկուեցան։ Վարչապետին եւ կրթութեան նախարարին ներկայացուեցան կրթական, առողջապահական եւ բարեսիրական աշխատանքի մարզերէն ներս Արցախի մէջ ՀՕՄի նոր նախաձեռնութիւնները։ Արծարծուեցաւ Արցախի հասարակական կեանքին մէջ կնոջ յաւելեա՛լ ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը եւ այս իմաստով ՀՕՄէն սպասուած ակնկալութիւնները։
Միեւնոյն օրը, յետմիջօրէին, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհին ու գրասենեակներու վարիչ տնօրէնը, ընկերակցութեամբ Արցախի մասնաճիւղի ատենապետուհիին, այցելեցին Արցախի առողջապահութեան նախարար Գէորգ Գէորգեանին։ Նախարարը հաստատեց, որ վերջերս ՀՕՄի կողմէ Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրուած հիւանդանոցային մահճակալները ստացուած են եւ գնահատեց իր ծրագիրներն ու աշխատանքները նախարարութեան հետ համադրելու ՀՕՄի ճիգը։ Այս ծիրին մէջ քննարկուեցան յետագայ գործակցութեան կարելիութիւնները եւ ՀՕՄի ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնեցին նախարարին կողմէ արծարծուած խնդիրներուն ուղղութեամբ աշխատանք տանելու։
Յաջորդ օրը, Նոյեմբեր 6ին, ՀՕՄի պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ Հադրութի շրջանին մէջ Թաղլար գիւղի ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզի վերանորոգուած շէնքի բացումին։ Շուրջ տասնամեակ մը առաջ բացուած մանկապարտէզի շէնքը, այս ամրան վերջաւորութեան վերանորոգուած էր ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի կարգադրութեամբ։ Մանկապարտէզը ունի երեք խումբի բաժնուած 65 աշակերտներ։ Վերանորոգուած շէնքի բացումին ներկայ էին Հատրութի շրջանի վարչակազմի ղեկավարը, որ խոստացաւ մօտիկ ապագային վերանորոգել նաեւ Տող գիւղի ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.