ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ համայնքներու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը Նոյեմբեր 14ին բաւարարած է «Գինդ» տպարանին դիմումը ընդդէմ «Օգոստոս» գործակալութեան, որ կը հրատարակէր «Չորրորդ իշխանութիւն» թերթը: Դատաւորը, մասնաւորապէս, որոշած է՝ յօգուտ «Գինդ» տպարանին «Օգոստոս» գործակալութենէն բռնագանձել մօտ 2 միլիոն 6 հարիւր հազար դրամ եւ վճռած՝ արգիլել «Չորրորդ իշխանութիւն» թերթին հրատարակումը մինչեւ պարտքին վճարումը:
Ըստ «Չորրորդ իշխանութիւն» թերթի գլխաւոր խմբագիր Շողեր Մաթեւոսեանի, թերթը, սակայն, նշեալ տպարանին պարտք չունի, եւ պահանջուած գումարը պիտի չվճարէ: Գլխաւոր խմբագիրը կը պատրաստուի բողոքարկել դատարանին որոշումը Վերաքննիչ եւ Վճռաբեկ դատարաններուն մէջ, իսկ յետոյ նաեւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ:
«Ես պնդում եմ, որ սա իշխանութիւնների կողմից իջեցուած վճիռ էր, որը ինքը (դատաւորը) բերեց ու հրապարակեց ընդամէնը», յայտնած է Շողեր Մաթեւոսեանը՝ աւելցնելով, որ Նոյեմբեր 10էն սկսեալ թերթը լոյս կը տեսնէ «Չորրորդ ինքնիշխանութիւն» անունով եւ այդպէս ալ պիտի շարունակէ աշխատիլ: