ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հոկտեմբեր 22ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) «Թորնթըն» երաժշտանոցին ու Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին միջեւ կրթական փոխանակման համաձայնագիր մը ստորագրուած է, շնորհիւ Օտրի Պապախանեան Կրէկորիի խոստացած 200,000 տոլարի հիմնադրամին, որ կը կրէ նուիրատուին անունը:
Ստորագրութեան օրը արդէն իսկ 40,000 տոլար յանձնուեցաւ հիմնադրամին:
Այս համաձայնութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ նաեւ համալսարանին մէջ գործող Հայկական երաժշտութեան բարեկամներ կազմակերպութիւնն ու անոր նախագահ Արտեմիս Պելեան Պետրոսը:
Ծրագրին առաջին քայլը կ՛ակնկալուի յառաջիկայ տարեշրջանի ընթացքին, երբ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցէն մասնագէտ մը սկսի դասախօսութիւններ տալ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ: