ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հայաստանի երախաներու հիմնադրամի (Children of Armenia Fund, COAF) տարեկան վեցերորդ դրամահաւաքի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6ին, ներկայութեամբ մօտաւորապէս 120 համակիրներու:
Ձեռնարկը նուիրուած էր վերջերս մահացած Անդրանիկ Սարգիսեանի յիշատակին, որ կազմակերպութեան պատւոյ նախագահն էր:
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ ադամանդեայ զարդեղէններու աճուրդ, որմէ գոյացաւ 1.7 միլիոն տոլար, որուն մէկ մասը տրամադրուեցաւ կազմակերպութեան աշխատանքներուն, այդ ձեռնարկին ընթացքին գոյացած ընդհանուր գումարը հասցնելով 1.2 միլիոն տոլարի, որ պիտի տրամադրուի Հայաստանի գիւղերուն տնտեսական, կրթական, առողջապահական եւ ընկերային վիճակը բարելաւելու աշխատանքներու:
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթներ ունեցան յայտնի դերասաններ Մարթին Շորթ, Անտրէա Մարթին եւ Տեպրա Մանք: Նաեւ, Հայաստանի երախաներու հիմնադրամի հիմնադիր ու ատենապետ տոքթ. Կարօ Արմէն տեղեկութիւններ տուաւ Հայաստանի ինն տարբեր գիւղերու մէջ կազմակերութեան տարած գործունէութեան մասին, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կը կագնին Հայաստանի գիւղական շրջանները զարգացնելու միտող այս նախաձեռնութեան: Ան կեդրոնացաւ յատկապէս վերանորոգուած դպրոցներուն ունեցած դրական ներդրումին վրայ, որ նոր կարելիութիւններ կը բանայ գիւղերու երախաներուն առջեւ:
Ան յայտնեց, թէ ձեռնարկի ընթացքին հաւաքուած գումարը մեծ մասով պիտի տրամադրուի մօտաւորապէս 700 աշակերտներ ունեցող «Միասնիկեան» վարժարանի նորոգութեան աշխատանքներուն: Ան նաեւ յիշեցուց, թէ ՄԱԿը եւ մարդասիրական այլ կազմակերպութիւններ դրուատիքով արտայայտուած են Հայաստանի Արմաւիր մարզին մէջ Հայաստանի երախաներու հիմնադրամին տարած աշխատանքին նկատմամբ, որմէ օգտնուած են աւելի քան 20,000 հայորդիներ: Հայաստանի երախաներու հիմնադրամը հաստատուած է 2000ին, եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած է իբրեւ ոչ-շահաբեր կազմակերպութիւն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (212) 994-8212 թիւին կամ info@coafkids.org համացանցային հասցէին: