Հատուածներ՝ ՀՕՄի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային Վարչութեան Տարեկան Տեղեկագրէն
13 Յուլիս 2008—12 Յուլիս 2009
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 89րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 9-12 Յուլիս 2009ին, ՀՕՄի Կեդրոնին մէջ, Կլէնտէյլ, որուն մասին օրին լայնօրէն անդրադարձանք «Ասպարէզ»ի մէջ:
ՀՕՄի մարդասիրական լայնածաւալ եւ աշխարհացրիւ գործունէութեան մասին հանրութիւնը իրազեկ պահելու հեռանկարով, շրջանի ՀՕՄի բարձրագոյն այս ժողովը որոշում առաւ ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան տարեկան տեղեկագրէն կարեւոր հատուածներ հրատարակել մամուլի մէջ:
ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ
2008-2009 տարեշրջանի ՀՕՄի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային Վարչութեան կազմը կը բաղկանար հետեւեալ ընկերուհիներէ. Վիքի Մարաշլեան (ատենապետուհի), Ռիմա Պօղոսեան (փոխ-ատենապետուհի), Սեդա Մարթիր (քարտուղարուհի), Սիրարփի Չագալեան (գանձապահ), Սօսի Փօլատեան, Մայտա Պէզճեան, Սրբուհի Մսրլեան, Մաքօ Սեդրակեան եւ Անի Կիրակոսեան:
Հոկտեմբեր 2008ին, Հայաստանի մէջ գումարուած ՀՕՄի Համահայկական 69րդ Պատգամաւորական ժողովին, ընկհ. Վիքի Մարաշլեան ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ այնուհետեւ ատենապետուհի ընտրուելէ ետք Շրջանային Վարչութիւնը աշխատանքի հրաւիրեց փոխ-անդամուհի ընկհ. Աստղիկ Շիթիլեանը եւ ատենապետուհի ընտրեց ընկհ. Ռիմա Պօղոսեանը, իսկ փոխ-ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Փօլատեանը:
Շրջանային Վարչութիւնը, իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք, ուսումնասիրեց ՀՕՄի 88րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովի բանաձեւերն ու թելադրանքները եւ ընդգրկեց զանոնք տարեկան իր ծրագրին մէջ, յատուկ շեշտ դնելով հոգեբանական եւ ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակներու աշխատանքներուն, դաստիարակչական, քարոզչական, անդամարշաւի, կրթական, տեղական եւ քոյր կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Արցախ-աւախքի օգնութեան առնչուող նախաձեռնութիւններու, որդեգրուած բանաձեւերու, ներկայացուած թելադրանքներու եւ գոյութիւն ունեցող ծրագիրներու բարելաւման եւ աշխատանքի նոր հորիզոններ որդեգրելու անհրաժեշտութեան վրայ:
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐ
Անցնող տարեշրջանը, Շրջանային Վարչութեան եւ մասնաճիւղերու համար փոխադարձ հասկացողութեան եւ հեզասահ աշխատանքներու տարի մը հանդիսացաւ:
– Շրջանային Վարչութիւնը մօտէն հետեւեցաւ եւ ծանօթացաւ մասնաճիւղերու աշխատանքներուն եւ պահանջեալ հարկին օգտակար ուղղութիւններով խրախուսեց մասնաճիւղերը, ընդգծելով համագործակցութեան եւ միութենական պատասխանատուութիւններու կարեւորութիւնը, Շրջանային Վարչութեան ծրագիրներուն մասնակցելու եւ գաղութին օգտակար հանդիսանալու անհրաժեշտութիւնը: Յատուկ աշխատանք տարուեցաւ խտացնելու ՀՕՄի շարքերը եւ զօրացնելու մասնաճիւղերը:
– Հակառակ տիրող տնտեսական ահաւոր պայմաններուն, մասնաճիւղերու աջակցութեամբ, անկարելին կարելիի վերածելով հարկն ու պատշաճը ի գործ դրուեցաւ, տեղական ու հայրենի պատասխանատուութիւնները կատարելու, անմասն չձգելով Արցախն ու æաւախքը:
– Շրջաբերականներէ եւ նամակներէ անկախ, վարչութիւնը նաեւ ե—նամակով հաղորդակցեցաւ մասնաճիւղերուն հետ եւ անհրաժեշտ փոխանցումները կատարեց անոնց, առաւել արդիւնաւէտ դարձնելով ակնկալուած աշխատանքները:
– Շրջանային Վարչութեան կատարած աշխատանքներուն մասին մասնաճիւղերը տեղեակ պահելու եւ յատկապէս իր մշակած միամեայ գործունէութիւնը յստակ թուականներով անոնց փոխանցելու համար, վարչութիւնս կազմակերպեց երկու զեկուցական հանդիպումներ: Նաեւ կազմակերպուեցան դաստիարակչական սեմինարներ, Շաբաթօրեայ վարժարաններու ձեռնարկներ, գանձապահներու սեմինար եւ այլն
-24 Յունիս 2009ին տեղի ունեցաւ Վարչութեանս կազմակերպած փորձ-Պատգամաւորական ժողովը, որուն գործնական ծրագրին մաս կազմեցին ՀՕՄի 89րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովի օրակարգերը եւ անոնց գործադրութեան ձեւերն ու այլ մանրամասնութիւններ: Ընտրուած պատգամաւորները վարեցին ժողովը եւ որոշ փորձառութիւն ձեռք ձգեցին յատկապէս առաջին անգամ պատգամաւոր ընտրուած ընկերուհիները:
ԱՄԵԱԿՆԵՐ
Անցնող տարեշրջանը ամեակներով լեցուն տարի մը հանդիսացաւ: Շատ մը մասնաճիւղեր մեծ շուքով տօնախմբեցին իրենց մասնաճիւղերու տարեդարձները, որոնց բոլորին ներկայ գտնուեցաւ Շրջ. Վարչութիւնը, իր պատգամը փոխանցեց եւ յատուկ յուշատախտակներով շնորհաւորեց զանոնք: Այսպէս.
* ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղը տօնախմբեց իր հիմնադրութեան 50ամեակը – 5 Հոկտեմբեր 2008,
* ՀՕՄի Մոնթեպելլոյի «Նայիրի» Մասնաճիւղը՝ 40ամեակը
30 Նոյեմբեր 2008,
* ՀՕՄի Փասատինայի «Սօսէ» Մասնաճիւղը՝ 35ամեակը
21 Փետրուար 2009,
* ՀՕՄի Օքլընտի «Էրեբունի» մասնաճիւղը՝ 75ամեակը – 8 Մարտ 2009ին,
* ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղը՝ 90ամեակը 17 Մայիս 2009ին:
ՆԵՐՔԻՆ-ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՉԱԿԱՆ
– Անցնող տարեշրջանին եւս ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան, Շրջանային յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու աշխատանքները երկլեզու եւ նկարազարդ հրատարակուեցան գրաւոր եւ բանաւոր մամուլի մէջ, ինչպէս նաեւ «ՀՕՄի Ձայն»ը եւ «Հորիզոն» հեռատեսիլի ծրագիրներով:
– ՀՕՄի բոլոր անդամներուն ղրկուեցան 2009ի գրպանի օրացոյցներ, որոնք հովանաւորուած էին Իսաղուլեան ընտանիքին կողմէ, ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ զաւկին՝ Էտուին Իսաղուլեանին:
– Ս. Ծննդեան եւ Նոր Տարուան առիթով, շնորհաւորական բացիկներ ղրկուեցան շրջանի քաղաքական դէմքերուն, ՀՕՄի նուիրատուներուն, քոյր կազմակերպութիւններուն եւ բոլոր ՀՕՄուհիներուն անխտիր։ Նոյն նպատակով ամանորեայ շնորհաւորութիւններ հրապարակուեցաւ «Ասպարէզ»ի մէջ եւ «Հորիզոն»ի ամանորեայ ծրագրով:
-«Ասպարէզ»ի 100ամեակին նուիրուած ամանորեայ բացառիկին մէջ, Շրջանային Վարչութիւնը հրատարակեց 2008 տարեշրջանի գործունէութիւնը համապատասխան նկարներով: Նոյն բացառիկին մէջ քաջալերուեցաւ նաեւ հրատարակութիւնը մասնաճիւղերու գործունէութեանց, որոնցմէ շատերուն արձագանգեցին:
-2 Յունուար 2009ին, Շրջ. Վարչութիւնը անհատական հրաւէրներով շրջանի բոլոր ընկեր—ընկերուհիները հրաւիրեց Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական խրախճանքին:
– ՀՕՄը շարունակեց մաս կազմել Cars for Causes ծրագրին, օգտուեցաւ United Way ընկերակցութեան նուիրատուութիւններէն եւ շարունակեց գոյութիւն ունեցող Matching Gift Program-ի գործադրութիւնը:
– Վարչութիւնս մօտէն գործակցեցաւ Լոս Անճելըսի Գաւառի Mental Health Department-ի հետ եւ իբրեւ անմիջական կարեւոր աշխատանք կազմուեցաւ Focus Group մը, որ հանդիպումներով ոչ միայն արծարծեց հայութիւնը յուզող հարցեր, այլ նաեւ ուսումնասիրութիւններ կատարեց հայկական մտահոգութիւններու եւ պահանջներու մասին:
– 22 Փետրուար 2009ին, Արեւմտեան Թեմի Հայաստանեայց Առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ՀՕՄի բոլոր ննջեցեալ անդամ-անդամուհիներուն հոգիներու խաղաղութեան համար:
– Հանրային Վարժարաններու շրջանաւարտ հայ աշակերտներու գնահատանքի երեկոն տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 1 Յունիս 2009, ՀՕՄի Կեդրոնին մէջ: Շրջանաւարտները, մասնաճիւղերու վարչութիւններէն ստացան նիւթական նուէրներ, իսկ Շրջանային Վարչութենէն՝ գնահատագրեր: Նոյն առիթով, հեռաւոր մասնաճիւղերը առանձնաբար եւ իրենց հայեցողութեամբ փոխանցեցին գնահատագրեր եւ նիւթական նուէրներ:
– ՀՕՄի Օրը «Արարատ» տան մէջ նշուեցաւ Երեքշաբթի, 2 Յունիս 2009ին: 200է աւելի ՀՕՄուհիներ, «Արարատ» տան բնակիչներ եւ հիւրեր մասնակցեցան այս ձեռնարկին: Յառաջացած տարիքի բերումով «Արարատ» տան բնակիչ դարձած հետեւեալ հինգ վաստակաշատ ՀՕՄուհիներ յատուկ գնահատագրերով պարգեւատրուեցան Շրջանային Վարչութեան կողմէ, առ ի գնահատանք ՀՕՄի շարքերէն ներս իրենց երկարամեայ ծառայութեան.
* Ընկհ. Անահիտ Թաշճեան – ՀՕՄի «Սեւան» Մասնաճիւղէն,
* Ընկհ. Անոյշ (Խաթուն) Ճինպաշեան – ՀՕՄի «Սօսէ» Մասնաճիւղէն,
* Ընկհ. Սիրվարդ Մարգարեան – ՀՕՄի «Անի» Մասնաճիւղէն,
* Ընկհ. Ազնիւ Իշխանեան եւ ընկհ. Գոհար Սօսիկեան – ՀՕՄի «Անահիտ» Մասնաճիւղէն:
– Ի պատիւ Շրջանային բոլոր յանձնախումբերուն եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն երախտագիտական երեկոն տեղի ունեցաւ 11 Յունիս 2009ի երեկոյեան, ՀՕՄի կեդրոնին մէջ:
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐ
Վարչութիւնս, իր աշխատանքային շրջանին նշանակեց հետեւեալ յանձնախումբերը, շրջաբերականով մասնաճիւղերէն ստացուած թեկնածուներով.
* Շաբաթօրեայ Վարժարաններու Յանձնախումբ,
* Դաստիարակչական Յանձնախումբ,
* Հանգանակային Յանձնախումբ,
* Փառատօնի Յանձնախումբ,
* Հայաստան-Արցախ եւ Որբախնամ Երեխաներու Յանձնախումբ,
* Ջաւախք Յանձնախումբ,
* 100ամեակի Հիմնադրամի Յանձնախումբ,
* ՀՕՄի 100ամեակի Պատմութեան Հրատարակութեան Յանձնախումբ,
* «ՀՕՄի Ձայնը» Հեռատեսիլի Ծրագրի Յանձնախումբ,
* Հանրային Յարաբերութիւններու (Public Relations) եւ Կայքէջի (Web Site),
* Ծրագիրներու Պատրաստութեան Յանձնախումբ,
* ՀՕՄի Մտքի Ամբարման ( Think Tank) Յանձնախումբ,
* Ռազմավարական Ծրագրումի Յանձնախումբ,
* Դրամաշնորհներ Ապահովող Յանձնախումբ,
* Իրաքահայերու Օժանդակութեան Յանձնախումբ:
ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՀՕՄի Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանը ունի 13 միօրեայ վարժարաններ, մէկ արտադպրոցական ծրագիր եւ մէկ մանկամսուր:
– Վերամուտի առիթով, հանրութիւնը տեղեակ պահուեցաւ ՀՕՄի Շաբաթօրեայ բոլոր վարժարաններու մանրամասնութիւններու մասին:
– 10 Նոյեմբեր 2008ին, ՀՕՄի բոլոր դպրոցներու ուսուցչական կազմերուն առիթ ընծայուեցաւ մասնակցելու Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմնի կազմակերպած ուսուցիչներու միօրեայ մասնագիտական վերապատրաստութեան սեմինարին:
– ՀՕՄի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային Վարչութեան հովանիին տակ գտնուող բոլոր վարժարաններու ուսումնական ծրագիրը նոյնացնելու նպատակով, որդեգրուեցաւ ՀՕՄի «Թալին» Մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ Վարժարանի տնօրէն պրն. Գէորգ Պետիկեանի հեղինակած ՀՕՄի Շաբաթօրեայ Վարժարաններու Ուսումնական Ծրագիր-Ուղեցոյցը: Որդեգրուած այս ծրագիրը, 8 Նոյեմբեր 2008ին, աշխատանիստի մը ընթացքին ներկայացուեցաւ ՀՕՄի բոլոր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ վարժարաններու կրթական մշակներուն:
– 21 Մարտ 2009ին, կազմակերպուեցաւ աշակերտական դասախօսական ձեռնարկ մը, որու ընթացքին Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, աշակերտութեան ներկայացուց «Կրօնքի Կարեւորութիւնը Հայ Աշակերտին Համար» շահեկան նիւթը:
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Անցնող տարեշրջանին յանձնախումբը երկու կարեւոր դասախօսական ձեռնարկներ կազմակերպեց.
– Առաջինը՝ 14 Փետրուար 2009ին, որու ընթացքին «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգ. Վարժարանի ուսուցչուհիներէն տիկ. Թամար Սերայտարեան ներկայացուց Արդի Կնոջ Էութիւնը» շահեկան նիւթը:
– Երկրորդը՝ 12 Մարտ 2009ին, որու ընթացքին Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան ներկայացուց «Հայ Երիտասարդը Ազգային եւ Կրօնական Կեանքէն Ներս» կարեւոր նիւթը: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:
ՀԱՆԳԱՆԱԿԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Աշխատանքային այս տարեշրջանին յանձնախումբը գլխաւոր երեք ձեռնարկներ կազմակերպեց, որոնց առընթեր նաեւ աշխատանք տարաւ զանազան միջոցներով գումարներ ապահովել:
– 5 Ապրիլ 2009ին, 300է աւելի մասնակիցներով եւ պաշտօնական հիւրերով, Կլէնտէյլի նորակառոյց «Էմպըսի Սուիթ» պանդոկի սրահը տեղի ունեցաւ տարուան գլխաւոր ձեռնարկը, որ նուիրուած էր շրջանի ՀՕՄի առանձին միաւոր ըլլալու 25ամեակին: Այս առիթով պատրաստուեցաւ Շրջ. Վարչութեան 25ամեայ գործունէութիւնը ներկայացնող գունազարդ գրքոյկ մը: Իր օրհնութիւնները փոխանցեց Թեմի Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Պատգամներ փոխանցուեցան ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսի, ՀՕՄի Կեդրոնական եւ Շրջանային Վարչութեանց կողմէ: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, ՀՕՄի պատմականը ներկայացնող տեսաերիզ մը ցուցադրուեցաւ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ 25ամեակի կարկանդակի հատում:
– 25 Մայիս 2009ին, 20 ՀՕՄուհիներ եւ համակիրներ մասնակցեցան Լոս Անճելըսի Մարաթոն «Էմըրլտ Նաթս» 5 քիլոմեթր վազք-քայլարշաւին: Քայլարշաւէն ետք, մասնակիցները Շրջ. Վարչութեան կողմէ հիւրընկալուեցան ՀՕՄի կեդրոնը եւ ստացան յատուկ գնահատագրեր:
– Շրջ. Վարչութեան տարեկան վիճակահանութիւնը տեղի ունենաւ 12 Յուլիս 2009ին, ՀՕՄի 89րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովի աւարտին:
ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ ՀՕՄի 88րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովի թելադրանքին համաձայն, ՀՕՄի 8րդ փառատօնը միօրեայի վերածուեցաւ եւ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 2 Մայիս 2009ին:
Գեղեցիկ այս նախաձեռնութիւնը առիթ հանդիսացաւ ՀՕՄի քարոզչութիւնը կատարելու, ինչպէս նաեւ հայկական մեր մշակոյթն ու աւանդութիւնները հանրութեան ներկայացնելու:
ՀՕՄի 8րդ փառատօի հովանաւորութիւնը սիրայօժար ստանձնեց եւ $10,000 (տաս հազար) նուիրատուութիւն մը կատարեց համեստափայլ տիկ. Ալիս Նաւասարգեան:
Փառատօնի բացումը յատուկ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 1ին, մասնակցութեամբ Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Պատկան մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, հովանաւորներու եւ բազմաթիւ հիւրերու:
Հանդիսութեան ընթացքին յուշանուէր յանձնուեցաւ Փառատօնի հովանաւոր տիկ. Ալիս Նաւասարգեանին: Շրջանային Վարչութիւնը փոխանցեց իր պատգամը: Փառատօնի միօրեայ յայտագրին մաս կազմեցին շրջանի ծանօթ արուեստագէտներն ու պարախումբերը: Մանուկները ունեցան իրենց առանձին բաժինը, որ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՐՑԱԽ ԵՒ ՈՐԲԱԽՆԱՄ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Անցնող տարեշրջանին, յանձնախումբը ծրագրուած աշխատանք տարաւ նիւթական ապահովելու Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իր հովանաւորած մնայուն ծրագիրներուն համար, առաջնահերթութիւն տալով Աշանի եւ Ականաբերդի «Սօսէ» մանկապարտէզներուն:
-Յանձնախումբը այս տարի եւս համազգեստներ եւ խաղալիքներ ապահովեց Արցախի մէջ գործող ՀՕՄի բոլոր «Սօսէ» մանկապարտէզներուն, ինչպէս նաեւ ամանորի առիթով խաղալիքներ ղրկեց Հայաստան եւ Արցախ:
– Ներկայիս, շրջանի ՀՕՄը կը հովանաւորէ 459 երեխաներ եւ 61 ուսանողներ:
– Անցնող տարեշրջանին Վարչութիւնս Հայկական Միացեալ Հիմնադրամի (UAF) թռիչքներով 54 մեծ տուփ օգնութիւն ղրկեց Հայաստան եւ Արցախ:
– Հայաստան-Արցախ Ֆոնտին ուրախ եւ տխուր առիթներով եղան նաեւ նուիրատուութիւններ:
– 1 Մարտ 2009ին, ՀՕՄի կեդրոնէն ներս, յանձնախումբը կազմակերպեց Խոսրով Ղարախանեանի «Յուշեր եւ պատմուածքներ» հատորի գինեձօնը, որուն հասոյթը, հեղինակի փափաքով յատկացուեցաւ շրջանի ՀՕՄի Հայաստան-Արցախ Ֆոնտին:
ՋԱՒԱԽՔ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Այս տարի եւս յանձնախումբը աշխուժութեամբ շարունակեց դրամահաւաքի իր աշխատանքները, կեդրոնանալով գլխաւորաբար երկու աւանդական իր ձեռնարկներուն վրայ:
– Առաջինը՝ հայ աշակերտութիւնը մասնակից դարձնելու ի նպաստ æաւախքին կատարուած դրամահաւաքին, որուն համար գանձանակներ բաժնուեցան ազգային եւ ՀՕՄի հովանաւորած բոլոր վարժարաններէն ներս։ Այս ջանքերուն շնորհիւ կոկիկ գումար մը հանգանակուեցաւ:
– Երկրորդը՝ 8 Մարտ 2009ի տարեկան ճաշկերոյթը, որ այս տարի տեղի ունեցաւ Aboard Yacht Electra Eternity զբօսանաւուն վրայ: Յաջողութեամբ պսակուած այս ձեռնարկը կոկիկ գումար մը ապահովեց:
– Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի զոյգ տօներուն առիթով, յանձնախումբը շնորհաւորական բացիկներ ղրկեց իր հովանաւորներուն:
– Իբրեւ նորութիւն, յանձնախումբը հրապարակեց 42 սէնթ արժողութեամբ ՀՕՄի æաւախք Ֆոնտ անունը կրող չորս տեսակ դրոշմաթուղթեր, որոնք հանգանակային նպատակով կը վաճառուին æաւախք Յանձնախումբի կողմէ:
– Յանձնախումբը նիւթապէս օգտակար հանդիսացաւ Վրաստանի քաղաքական աննպաստ պայմաններու հետեւանքով æաւախք գաղթած վրացահայերուն:
– Յանձնախումբը, մամուլով պարբերաբար æաւախքի մասին պատմող յայտարարութիւններ եւ յօդուածներ հրապարակեց:
ՀՕՄԻ 100ԱՄԵԱԿԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀԱՆԳԱՆԱԿԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Անցնող տարեշրջանին, յանձնախումբը շարունակեց շրջանի ՀՕՄի վրայ պարտականութիւն դրուած ՀՕՄի 100ամեակի հիմնադրամին մէկ միլիոն տոլար հանգանակելու ծանր աշխատանքը: Յանձնախումբի անդամները ոչ միայն հետապնդեցին Հիմնադրամին կատարուած խոստումները հաւաքել, այլ նաեւ նորերը ապահովեցին:
– 22 Փետրուար 2009ին, ՀՕՄի ննջեցեալներու հոգեհանգստեան Կիրակին, Ազգ. Առաջնորդարանը ընդառաջելով վարչութեանս խնդրանքին, բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանգանակութիւն կատարուեցաւ ՀՕՄի 100ամեակի հիմնադրամին համար: Այդ առիթով նաեւ կարդացուեցաւ Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կոչը:
– 22 Փետրուար 2009ին, յանձնախումբը հովանաւորեց Վահէ Պէրպէրեանի հեղինակած եւ բեմադրած Out of the Cage թատերգութիւնը:
– 19 Ապրիլ 2009ին, ճաշի հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ Favorite Place ճաշարանին մէջ, հիւրընկալութեամբ ճաշարանի սեփականատէր տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Ալիսիա Ասմարեաններուն:
Իրենց գեղեցիկ այս ժեսթին համար, վարչութիւնս գնահատագրով մը պարգեւատրեց հիւրընկալ զոյգը:
– 10 Յունիս 2009ին, վարչութիւնս յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային Վարժարաններու խնամակալ Մարմնի ատենապետին հետ, որու ընթացքին խորհրդակցեցան հայ աշակերտութիւնը ՀՕՄի 100ամեակին հետ առնչելու նիւթին մասին:
Յանձնախումբը, 2010ին, երկու հրապարակային ձեռնարկներ նախատեսած է ՀՕՄի 100ամեակի տօնախմբութեան համար:
– Յանձնախումբը ցարդ հանգանակած եւ Կեդրոնական Վարչութեան յանձնած է $500,000 (հինգ հարիւր հազար):
ՀՕՄԻ 100ԱՄԵԱԿԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Նախորդ տարուան նշանակուած յանձնախումբը շարունակեց իրեն վստահուած պարտականութիւնները, բծախնդրութեամբ շրջանի մասնաճիւղերու այժմէականացած պատմականները համադրելով, Կեդրոնական Վարչութեան հրատարակուելիք ՀՕՄի 100ամեակին նուիրուած յուշամատեանին մէջ հրատարակուելու համար:
«ՀՕՄԻ ՁԱՅՆԸ» ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԻ ԾՐԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
«ՀՕՄի Ձայն»ը ծրագիրները մինչեւ Դեկտեմբեր 2008ի աւարտը սփռուեցան ամէն Կիրակի ժամը 5-5:30: Ծրագիրները ընդգրկեցին հարցազրոյցներ, լուրեր, ՀՕՄի Շրջ. Վարչութեան, Շրջանային յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու յատկանշական գործունէութիւններուն մասին պատմող կարճ ժապաւէններ, դասախօսութիւններ, սեմինարներ, զեկուցական ժողովներ, ընկերային ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անձնակազմին կողմէ Հայաստանի մէջ նկարահանուած ՀՕՄին առնչուող զանազան հաղորդումներ:
– Նորընտիր Շրջանային Վարչութեան առաջնահերթ աշխատանքներէն մէկը եղաւ ՀՕՄը հանրութեան ներկայացնելու լաւագոյն աղբիւրը հանդիսացող «ՀՕՄի Ձայնը» ծրագրի բարելաւումը: Փորձեց զայն բոլորին հաղորդակից դարձնել հետաքրքրական, իմաստալից եւ հմայիչ ծրագիրներով: Այս իմաստով վարչութիւնս հանդիպումներ ունեցաւ «Հորիզոն»ի ծրագրի պատասխանատու Հէրի Որբերեանի, շարժապատկերի բեմադրիչ/արտադրող պրն. Վահէ Պապայեանի եւ յանձնախումբին հետ, որոնց ընթացքին եղան ծրագիրը բարելաւելու մտքերու փոխանակումներ:
– Charter Communication-ի միջոցաւ կատարուող «Հորիզոն»ի սփռումները որոշ դժուարութիւններ դիմագրաւեցին: Ասկէ անկախ, «Հորիզոն» Հոլիվուտի իր նոր կեդրոնատեղին փոխադրուելով, ժամանակաւորապէս դադրեցուց իր սփռումները, որոնք աւելի ուշ սահմանափակ քաղաքներու մէջ սկսան սփռուիլ:
– Այս իրողութեան լոյսին տակ, բնական է, որ «ՀՕՄի Ձայնը» ծրագիրը եւս ժամանակաւորապէս դադրեցաւ եւ այս դադրեցումը առիթ հանդիսացաւ, որ ծրագրի համար նոր նիւթեր պատրաստուին:
– Միւս կողմէն, «Հորիզոն»ի տնօրէնութիւնը կարելիութիւն ընծայեց ՀՕՄին, որ իր կէս ժամուան ծրագրէն անկախ, Ուրբաթ երեկոները (ժամը 8-9 միջեւ), 5 վայրկեաննոց լուրերու բաժնով մը մասնակցի իր 180 վայրկեաննոց ամէնօրեայ ծրագրին:
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ԵՒ ԿԱՅՔԷՋԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄ
ՀՕՄի քարոզչութեան կարեւորութենէն մեկնած, վարչութիւնս լուրջ աշխատանքներու նախաձեռնեց, որպէսզի լաւագոյն ձեւով ներկայանայ տեղւոյն հայ եւ ոչ հայ հանրութեան:
Քարոզչական իմաստով, առաջին հերթին նախաձեռնեց երկու տեսաերիզներու պատրաստութիւն, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակներու մարդասիրական գործունէութեանց, իսկ երկրորդը ՀՕՄի անդամակցութեան: Զոյգ տեսաերիզներու պատրաստութիւնն ալ վստահուեցան նման աշխատանքներու մասնագէտ եւ յատկապէս ՀՕՄի գործունէութեան ծանօթ բեմադրիչ-արտադրող պրն. Վահէ Պապայեանին:
– Ասոնցմէ անկախ, ՀՕՄի քարոզչութիւնը ընդգրկուեցաւ Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու գործունէութեանց մէջ:
– Վարչութիւնս «Ասպարէզ»ի մէջ հրատարակեց ՀՕՄի աշխատանքներուն առնչուող կոչ-ծանուցումներ:
– Քարոզչական իմաստով վարչութիւնս քանի մը հանդիպումներ ունեցաւ «Ասպարէզ»ի անգլերէնի եւ հայերէնի խմբագիրներուն հետ, ինչպէս նաեւ «Հորիզոն»ի տնօրէնութեան, որոնք գործակցութեան լայն միջոցներ տրամադրեցին ՀՕՄի աշխատանքները հանրութեան ներկայացնելու համար:
Քարոզչական աշխատանքներուն մեծապէս նպաստեց «ՀՕՄի Ձայնը» ծրագիրը:
Վարչութիւնս լուրջ մօտեցում ցուցաբերեց արդիականացնելու ՀՕՄի Կայքէջը (Website): Այս առումով քանի մը հանդիպումներ ունեցաւ ՀՕՄի webmaster Վարուժ Միրզայեանի եւ կայքէջի աշխատանքներուն օգտակար հանդիսանալու կարելիութիւնը ունեցող ընկերուհիներու հետ, որոնց ընթացքին ընդգծուեցաւ ՀՕՄի կայքէջի բարելաւման անհրաժեշտութիւնը եւ աշխատանքներու յստակացումը:
ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐՈՒՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուելիք Ռազմավարական Ծրագրումի յանձնախումբի աշխատանքներու ուղեգիծին մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ եւ գործնական քայլեր առաւ, այս մարզէն ներս լայն ծանօթութիւններ ունեցող պրն. Արմէն Աբրահամեան:
Առաջին հանգրուանով անհրաժեշտ էր քննել ՀՕՄի ներկայ իրավիճակը, ապա անոր ապագայ ծրագիրները եւ այնուհետեւ անոնց գործնականացումը:
Այս աշխատանքի առաջին հանգրուանի նախաքայլը առնուեցաւ 28 Մարտ 2009ին, շուրջ 50 ընկերուհիներու հետ երեք ժամուան հանդիպումով մը, որու ընթացքին ՀՕՄի ներկայ իրավիճակի մասին բացայայտումներ կատարուեցան:
ԻՐԱՔԱՀԱՅԵՐՈՒ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Յանձնախումբը հետապնդեց եւ ամբողջացուց նախորդ տարուան իր կազմակերպած վիճակահանութեան հաշիւները, միաժամանակ նիւթական ակնկալութիւններով մասսայական նամակագրութեամբ անգամ մը եւս դիմեց հանրութեան:
– Վարչութիւնս նիւթապէս օգտակար հանդիսացաւ Հայաստան հաստատուած իրաքահայ կարգ մը ընտանիքներու:
– Մարտ 2009ին, յանձնախումբը աւարտեց իր պարտականութիւնները, սակայն կարգ մը կիսաւարտ աշխատանքներու հետապնդման համար նշանակեց եռանդամ մարմին մը:
– Յանձնախումբի հանգանակուած գումարով կարելի եղած է օգտակար հանդիսանալ 4375 ընտանիքներու եւ անհատներու, ինչպէս նաեւ Հայաստան հաստատուած 15 իրաքահայ ընտանիքներու:
– Ի նպաստ իրաքահայութեան հանգանակած գումարը, Վարչութիւնս ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան խողովակով երկու հանգրուանով Իրաք փոխանցած է $138,000 (հարիւր երեսուն ութ հազար). առաջին հանգրուանով $70,000 (եօթանասուն հազար), իսկ երկրորդ հանգրուանով՝ $68,000 (վաթսուն հազար):
ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՀՕՄԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ Անցնող տարեշրջանին, Շրջանային Վարչութիւնը գործակցութեան սերտ յարաբերութիւններ ունեցաւ Կեդր. Վարչութեան հետ։
– Շրջ. Վարչութեան շաբաթական եւ յատկապէս լիագումար ժողովներուն պարբերաբար ներկայ գտնուեցան եւ ի հարկին իրենց օգտակար ուղղութիւնները տուին շրջանը բնակող Կեդր. Վարչութեան անդամներ:
– Շրջ. Վարչութիւնը շարունակեց գործադրել Կեդր. Վարչութեան Որբերու հովանաւորութեան, Ուսանողներու, «Սօսէ» մանկապարտէզներու, «Երբ Գալիս է Սեպտեմբերը» եւ այլ օգտաշատ ծրագիրներ։ Նիւթապէս օգտակար հանդիսացաւ Ախուրեանի Մօր ու Մանկան ծննդատան, Արժանթինի «Խրիմեան» դպրոցին, «Թռչնոց Բոյն»ին, Դամասկոսի (Սուրիա) Հայ Գաղութի համալիրին, Հալէպի (Սուրիա) Հայագիտական ամպիոնին, Ամանորեայ ծրագիրներուն եւ այլ նախաձեռնութիւններուն։
– Մասնաճիւղերը եւ առանձին հովանաւորներ անձնապէս հիւսեցին եւ ՀՕՄի Մօր ու Մանկան Ծննդատան նորածիններուն նուիրեցին մանկական հագուստներ (ծածկոց, գլխարկ, ժագէթ, տոտիկ եւ այլն):
ԹՈՒԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐ
Շրջանի ՀՕՄը ունի 26 մասնաճիւղեր, ԱՄՆի Քալիֆորնիոյ եւ Նեւատա նահանգներուն մէջ: Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ հայկական պատմական վայր մը կը ներկայացնէ: 2008 տարեշրջանին շրջանի ՀՕՄի անդամ-անդամուհիներու թիւը 1366 հոգի կը հաշուէր:
ՀՕՄԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿՆԵՐ
2008-2009 տարեշրջանին ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութեան հինգ գրասենեակները աշխատեցան ութ (8) դրամաշնորհներով եւ քսանինը (29) պաշտօնեաներով, որոնք գաղութին ծառայեցին զանազան մարզերէ ներս. անձնական հարցերու լուծում, պաշտօնական եւ վաւերաթուղթերու ամբողջացում, աշխատանքի հայթայթում եւ տեղաւորում, տարեցներու համար անգլերէն լեզուի ուսուցում եւ ամերիկեան կենցաղի ծանօթացում, բժշկական եւ բնակարանային դիմումնագրերու ամբողջացում եւ ցուցմունք, թարգմանութիւն, մեկնաբանութիւն, աշխատանքային նիստեր, իրաւունքներու պաշտպանութիւն, տօնական օրերու սնունդի եւ նուէրներու բաշխում եւ ընկերային այլ ծառայութիւններ: Յատուկ ծրագիրներու կարգին յատկապէս օգտակար հանդիսացան Renters Credit 9000-R եւ Section-8 housing բնակարանի դիմումնագրերու ամբողջացման:
Այս ծառայութիւնները իրականացան շնորհիւ դաշնակցային, նահանգային, գաւառի, քաղաքի եւ անհատական հաստատութիւններու տրամադրած նպաստներուն:
Գրասենեակներու պաշտօնեաները կը խօսին հայերէն, ռուսերէն, պարսկերէն արաբերէն, անգլերէն, սպաներէն եւ ֆրանսերէն: Այս տարեշրջանին անոնք ծառայութիւն մատուցեցին 55,752 յաճախորդներու:
Անոնք մասնակցեցան զանազան ծրագիրներու, կառավարական դրամաշնորհի ամսական ժողովներուն եւ հանրային աշխատանքներու, ներկայացնելով ՀՕՄի աշխատանքները եւ ծանօթանալով պետական նոր օրէնքներուն: Համագործակցեցան նաեւ Healthy Start, IHSS (In Home Supportive Services), Child Care Resource Center-ի, US Census 2010-ի, California Life Line Telephone Service-ի, Healthy Family ու Refugee այլազան ծրագիրներու եւ այլ կազմակերպութիւններու հետ:
Ընկերային Ծառայութեան տնօրէնութիւնը յաճախակի հանդիպումներով եւ Լիագումար նիստերու մասնակցելով Շրջանային Վարչութեան փոխանցեց իր նիւթական եւ բարոյական զեկուցումները, մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները:
ՀՕՄԻ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
ՀՕՄի Հոգեբանական կեդրոնը անցեալ տարե-շրջանին եւս շարունակեց մարդասիրական իր աշխատանքները, տոքթ. Իդա Քարայեանի գլխաւորութեամբ: Շատ մը մասնաճիւղեր շարունակեցին տրամադրել իրենց տարետուրքերու 38 առ հարիւրը: Վերջին ամիսներուն, անձնակազմին սիրայօժար միացան երկու կամաւոր պաշտօնեաներ:
ՀՕՄԻ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐ, ԿՏԱԿՆԵՐ ԵՒ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄՆԵՐ
ՀՕՄի Շրջանային Վարչութիւնը կը շարունակէ տրամադրել հետեւեալ կրթաթոշակները.
* ՀՕՄի Բիւզանդեան կրթաթոշակ, որ հաստատուած է տոքթ. Վահէ Բիւզանդեանի յիշատակին եւ ամէն տարի կը յատկացուի բժշկութեան հետեւող հայ ուսանողի մը:
* Արեգ Ժոզէֆպէկ կրթաթոշակ: Կը տրամադրուի «Ֆերահեան» ազգ. վարժարանի տարուան լաւագոյն մարզիկներուն:
* Շանթ Պաղճեան կրթաթոշակ եւ ամէն տարի կը յատկացուի բժշկութեան հետեւող հայ ուսանողի մը:
* Կարօտեալ ուսանողներու նպաստի հիմնադրամ, կը տրամադրուի երկու ուսանողներու:
* ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան «Երեմեան» կրթաթոշակ: Շրջանի ՀՕՄէն երկու ուսանողներ կ՛օգտուին այս կրթաթօշակէն:
* Ամէն տարի, Արշաւիր եւ Ովսաննա Շաւարշունի ամոլի կտակի տոկոսին կէսը կը յատկացուի Պէյրութի (Լիբանան) Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի հայագիտական բաժնին, իսկ երկրորդ կէսը՝ Արցախի տնտեսական օգնութեան:
* ՀՕՄի Հայ Երեխաներու Հիմնադրամ կրթաթոշակ կամ «Արէֆեան Ֆոնտ»: Կը տրամադրուի հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտներու:
* Աստղիկ Շահինեան կրթաթոշակ, կը տրամադրուի երկու գերազանց ուսանողներու:
Շրջանային Վարչութիւնը մօտէն գործակցեցաւ շրջանի քոյր եւ կարգ մը տեղական ու միջազգային կարեւոր կազմակերպութիւններու հետ: Այս տարեշրջանին եւս վարչութիւնս փորձեց ներկայութիւն ըլլալ գաղութէն ներս կազմակերպուած տեղական եւ հայկական բոլոր կարեւոր ձեռնարկներուն:
– ՀՕՄը շարունակեց իր անդամակցութիւնը Միացեալ Հայկական Ֆոնտին (UAF) եւ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի մօտ, միշտ ներկայ գտնուեցաւ անոնց ժողովներուն եւ կազմակերպած ձեռնարկներուն:
9 Յուլիս 2008 — 12 Յուլիս 2009 տեղի ունեցաւ շրջանի ՀՕՄի 89րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը, որու ընթացքին ընտրուեցաւ Շրջանային Վարչութիւնը հետեւեալ կազմով՝ Սօսի Փօլատեան (ատենապետուհի), Արուսեակ Մելքոնեան (փոխ—ատենապետուհի), Ռիթա Հինդլեան (քարտուղարուհի), Մաքօ Սեդրակեան (գանձապահուհի), խորհրդականներ՝ Անի Կիրակոսեան, Աստղիկ Շիթիլեան, Սոնա Մատարեան, Յասմիկ Գոզանեան (Օքլընտ) եւ Վիքի Քաթարոյեան (Ֆրեզնօ):
——————————————————————————————————————
——————————————————————————————————————–
——————————————————————————————————–
————————————————————————————————————-
———————————————————————————————————————-
—————————————————————————————————————–
———————————————————————————————————–
———————————————————————————————————————–