Զարեհ Մելքոնեանի «Ժխորին մէջ առանձնութեան» բանաստեղծութիւններու գիրքը, որ վերջերս (2009) լոյս տեսաւ՝ մեկենասութեամբ եւ հրատարակութեամբ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Ֆոնտին:
Հատորին «Փոխան Նախաբանի» բաժինը գրած է Զ. Մելքոնեանի աշակերտներէն՝ Պերճ Չոլաքեան, որ, ի միջի այլոց կ՛ըսէ. «Մելքոնեանի բանաստեղծութիւնները քնաբեր օրօր չեն, այլ քուն խանգարող ղօղանջ ու զօրակոչ…»: Ակնարկելով անոր գեղահիւս պատկերներուն մասին, կը մէջբերէ օրինաներ՝ «լռեցին լռութիւններն անգամ», «արեւը ոսկեգոյն սարդ՝ հորիզոնին վրայ կը քալէ», եւ կ՛աւելցնէ. «… երբ Զարեհ Մելքոնեան կը կարդաս, ու բանաստեղծութիւններուն պատգամը կը հասկնաս՝ «Մարդ» ըլլալու հաճոյքը կ՛ունենաս… եւ այս հրաշալի գիրքը՝ խորագրուած «Ժխորին մէջ առանձնութեան» մեծ հաճոյքով կարդացի՝ երջանկութեանը մէջ մինակութեանս…»:
Մելքոնեանի գիրքին առաջնորդող ուսումնասիրութեան մէջ, Օշին Քէշիշեան ի շարս այլ հաստատումներու, կ՛ըսէ . «Զարեհ Մելքոնեանի քերթողութիւնը ժամանակին ձայնն է, ժամանակակից մարդուն խօսքն է, եւ ժամանակակից ոճի լաւագոյն դրսեւորումն է անկասկած»:
Իսկ Մելօ Էքիզեան, իր կարգին, «Խօսք Երախտագիտութեան» խորագրով գրութեան մէջ անդրադառնալով Մելքոնեանի գործի գեղեցկութեան, կ՛ըսէ. «…«գոհար»ներդ շռայլօրէն բաժնեցիր ընթերցողներուդ ու տակաւին կը շարունակես բաժնել…»:
Զ. Մելքոմեանի այս 191 էջնոց բանաստեղծական ստեղծագործութիւնները ծաղկեփնջող գիրքի տպագրական գործը կատարած է Կլէնտէյլի Yerevan Printingը, իսկ գրաշարութիւնն ու ձեւաւորումը իրագործած է Շողիկ Մելքոնեան:
Եւ, բանաստեղծը իր «Ժխորին մէջ առանձնութեան» հատորին մասին այսպէս կը տաղերգէ,
«Արդ այս գիրքիս մէջ մանաւանդ՝ վրաս պիտի
Առնել չփորձեմ ա՛յն
թիկնոցը կախարդական՝
որ անցեալի
Բանաստեղծները Աւանդապաշտ, ու նաեւ գեր-արդիակա՛ն՝
իրենց ուսերուն շուրջ ունէին տեւապէս…
Ու ես
Որպէս
Պա՛րզ
Տաղասաց
(Ու հագուած
Աշխատանքի շրջազգեստ մը միայն)
Անպաճոյճ ոճով ու բառերով սովորական՝
Պիտի սակայն
Երգելով պատմեմ նաեւ ցաւերն այլազան՝
Պարզ մարդոց, որոնք մերթ պարզ չեն այնքան»: