ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ Նոյեմբեր 21ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան վանաբնակ անդամներն ու այս օրերուն Անթիլիասի մայրավանքը ժամանած կարգ մը թեմերու առաջնորդ սրբազանները հաւաք մը ունեցան:
Միաբանական այս հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու հայ հոգեւորականի ծառայութեան վերարժեւորման, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Աւագ սերունդի միաբան հայրեր իրենց փորձառութեամբ, յատկապէս թեմական ծառայութեան մէջ գտնուող առաջնորդներ ժողովուրդին կարիքներուն անմիջականօրէն առնչուած ըլլալով, տեղեկութիւններ փոխանակեցին միաբան հայրերու հետ:
Վեհափառ հայրապետը այս առիթով իր արտայայտած մտածումներուն ճամբով, վեր առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան իւրայատուկ տեղը ու դերը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքէն ներս: Փոքր տարողութեամբ միաբանական այս ժողովը, ծառայական կեանքը վերաշխուժացնելու խթան հանդիսացաւ մասնակից բոլոր միաբաններուն համար: Միաժամանակ, վանաբնակ իւրաքանչիւր միաբանի բազմազբաղ առօրեայէն դուրս գալու առիթ հանդիսացաւ անիկա:
Այս առիթով Վեհափառ հայրապետը գնահատեց բոլոր միաբանները, որոնք պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ յառաջ կը տանին կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը, զոյգ՝ եկեղեցական թէ ազգային ծառայութեան մակարդակներու վրայ: Վեհափառը անդրադարձաւ նաեւ կաթողիկոսարանի այժմու այնքան տարածուն գործունէութեան տարբեր բաժանմունքներուն, որոնք ներքին՝ վանական պարունակէն դուրս՝ դէպի ժողովուրդ գացող ծառայութիւն են:
Կէսօրին, մայրավանքի սեղանատան մէջ տրուեցաւ սիրոյ սեղան, նախագահութեամբ Վեհափառ հայրապետին: