ԹԵՀՐԱՆ, «Նոյեան Տապան» – «Հայերն Այսօր».- Նոյեմբեր 1ին, Իրանահայ գրողներու միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրող, գրականագէտ, թատերագիր, քաղաքական գործիչ Լեւոն Շանթի ծննդեան 140ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր երեկոյ մը: Ըստ «Ալիք»ի, իրանահայ գրողներու միութեան նախագահ Վարանդ անդրադարձած է միութեան աշխատանքներուն եւ ներկայացուցած է Շանթի կեանքն ու գործը: Օրուայ բանախօս, թատերագէտ, «Հանդէս» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Վարուժ Սուրէնեան խօսած է Շանթի թատերական ստեղծագործութիւններուն մասին, յիշատակելով անոնց լեզուական եւ նիւթերու ընտրութեան առանձնայատկութիւնները: