ՍԻԷԹԸԼ, «Էյ.Փի.».- Կիրակի, Նոյեմբեր 22ի երեկոյեան, Եուրա Մովսիսեան իր «Ռէալ Սոլթ Լէյք» խումբին հետ բարձրացուց Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութեան բաժակը (MLS)ը, երբ իր խումբը փենալթիներով 5-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըսի «Կալաքս»ին: Մրցումը, յետ երկարաձգութեան, աւարտած էր 1-1 արդիւնքով:
Յատկանշական է, որ փոխախոյեան խումբին եւս մաս կը կազմէ հայազգի մարզիկ մը՝ Ալեքօ Էսքէնտէրեան, որ վիրաւոր ըլլալով չէր կրցած դաշտ ներկայանալ: Նկարին մէջ, Մովսիսեան յաղթանակը կը տօնէ հաւասարութեան կօլը նշանակած Ռապի Ֆինտլիի հետ