ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Նոյեմբեր 22ին, իրանեան ատեան մը վեց տարուան բանտարկութեան դատապարտեց երկրին նախկին փոխնախագահ Մուհամմատ Ալի Ապթահին, իշխանութիւններուն դէմ ցոյցեր հրահրելու ամբաստանութեամբ:
Ան նոյն օրը ժամանակաւորապէս ազատ արձակուեցաւ 700 հազար տոլար փրկագինով, մինչ վճիռը վերատեսութեան ենթարկելու անոր դիմումը կը քննուի աւելի բարձր ատեանի մը կողմէ: Ան փոխնախագահի պաշտօնին վրայ կը գտնուէր 1997-2005 թուականներուն եւ ցարդ ամենաբարձրաստիճան դէմքն է, որ Յունիսի նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքներուն դէմ տեղի ունեցած ցոյցերուն հարցով կը դատապարտուի: