ՆԻԿՈՍԻԱ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Քրիս Պրայընթ Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23ին Թուրքիայէն պահանջեց Կիպրոսի նաւերուն եւ օդանաւերուն առջեւ բանալ թրքական նաւահանգիստներն ու օդակայանները, յարգելու համար չորս տարի առաջ Եւրոմիութեան տուած իր խոստումը: Կիպրոս այցելող Պրայընթ աւելցուց, թէ Անգարայի այդ քայլը կարեւոր է Եւրոմիութեան անդամակցելու Թուրքիոյ բանակցութիւններուն համար: