ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ.ամ».- Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած էինք, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հոկտեմբերի 10ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած, հայ-թրքական երկկողմ յարաբերութիւններու արձանագրութիւնները Սահմանադրական դատարան ներկայացուցած է:
Սահմանադրական Դատարանի մամուլի քարտուղար Յովհաննէս Պապիկեան յայտնած է, որ արձանագրութիւնները Սահմանադրական դատարանին կողմէ պաշտօնապէս ընդունուած են Նոյեմբեր 19ին:
Դատաւոր Վլադիմիր Յովհաննիսեան նշանակուած է իբրեւ այս հարցի գլախւոր զեկուցող: Ան 15 օրուայ ընթացքին պէտք է պատրաստէ իր զեկուցումը արձանագրութիւններու սահմանադրական համապատասխանութեան մասին եւ զայն ներկայացնէ ՍԴի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանին, որ իր կարգին
աշխատանքային նիստ պիտի հրաւիրէ, ուր պիտի որոշուի ՍԴի նիստի օրը, արձանագրութիւնները քննարկելու ընթացակարգը, պատասխանող կողմը: