ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».– Ըստ առողջապահութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան՝ Նոյեմբեր 24ի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ արձանագրուած են H1N1 կրիփով կասկածելի 25 հիւանդներ, որոնց 22ը արդէն բուժուած եւ դուրս եկած են հիւանդանոցէն, իսկ միւս երեքը կը շարունակեն բուժուիլ։
Երէկ Հայաստանի մէջ հարբուխի պատճառով մահացած է հիւանդ մը, սակայն հանրապետութեան գլխաւոր համաճարակաբան Արա Ասոյեանի համաձայն տակաւին կանուխ է անոր մահուան պատճառը վերագրել «խոզի կրիփ»ին: Վերջինս յայտնած է, որ մահացած 51 ամեայ հիւանդը թէեւ կը գտնուէր «խոզի կրիփ»ով վարակուած ըլլալու կասկածին տակ, սակայն միայն հետազօտութիւններուն պատասխանը կրնայ հաստատել, եթէ հիւանդը մահացած է H1N1 վարակին հետեւանքով։
Ըստ վարակաբանին՝ հետազօտութիւններուն պատասխանները պատրաստ կ՛ըլլան երեք շաբաթ յետոյ: