ԱԹԷՆՔ.- Երկուշաբթի Նոյեմբեր 30ին, կէսօրէ ետք, Յունաստանի մայրաքաղաքի «Ինթըրքոնթինենթալ» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի ու Էլմար Մամեդեարովի հանդիպումը:
Ըստ կողմերու միջեւ պայմանաւորուածութեան, այս աշխատանքային հանդիպումէն ետք յայտարարութիւններ պիտի չըլլան:
Այսօր, Աթէնքի մէջ իր աշխատանքներուն պիտի սկսի ԵԱՀԿի նախարարներու խորհուրդի 17րդ նիստը, որուն մասնակցելու համար Յունաստանի մայրաքաղաք ժամանած են 56 երկիրներու պատուիրակութիւններ: Այս նիստին մասնակցելու համար Աթէնք մեկնած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու: