ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան 12րդ համագումարը, որու ընթացքին իր հաշուետու զեկոյցով հանդէս եկաւ կուսակցութեան ղեկավար առաջնորդը՝ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նախագահը իր ելոյթին մէջ կարեւոր տեղ յատկացուց նաեւ իր կուսակցութեան ներկայ բնոյթը յստակացնելու եւ անոր հետագայ զարգացման ուղին նախանշելու:
Նախ պատմական յիշեցում մը կ՛արժէ ընել այստեղ: Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը Ղարաբաղեան շարժման շրջանին ստեղծուած կուսակցութիւն մըն է, որ հիմնուած էր խորհրդային այլախոհական շարժումի ականաւոր դէմքերէն՝ Աշոտ Նաւասարդեանի կողմէ: Նաւասարդեանի անժամանակ մահէն ետք կուսակցութեան ղեկավար դարձաւ, կրկին այլախոհական շարժումի գործիչներէն՝ Նաւասարդեանի նման Ազգային Միացեալ Կուսակցութեան անդամ Անդրանիկ Մարգարեան:
Հայաստանի բանակի հիմնադիր, «սպարապետ» տիտղոսին արժանացած Վազգէն Սարգիսեան, երբ ուզեց մտնել քաղաքական ասպարէզ ու խորհրդարանական ընտրութիւններու մրցապայքարի դուրս եկաւ, որոշեց մտնել փոքրաթիւ անդամներէ կազմուած հանրապետական կուսակցութեան շարքերը:
Հայաստանեան քաղաքական մշակոյթին մէջ ընկալեալ սովորութեամբ, այդ շրջանին բազմաթիւ խորհրդարանական եւ կառավարական յայտնի դէմքեր անմիջապէս միացան այդ կուսակցութեան, որ դարձաւ վերջին ժամանակաշրջանին Հայաստանի խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ապահովողն ու իշխանութեան բացարձակ տէրը:
Երկրի նախագահին, կամ քաղաքական ասպարէզի վրայ իշխող մարդուն հետեւելու արատաւոր մշակոյթը տակաւին տիրապետող է Հայաստանի մէջ, դժբախտաբար: Խորհրդային միակուսակցական օրերէն մնացած սովորութիւն է հաւանաբար, որ քաղաքական, կամ որեւէ ասպարէզի մէջ մարդիկ իրենց յաջողութիւնը կապեն իշխանութեան լծակը ձեռքին ունեցող անձին, անոր չորս կողմը հաւաքուելով, անոր ստեղծած կուսակցութեան անդամագրուելով, անոր անմնացորդ նուիրեալը դառնալով, անոր իւրաքանչիւր խօսքը իբրեւ օրէնք ընդունող, անողնայար հետեւորդը դառնալով առաջնորդին, ղեկավարին, «շէֆ»ին: (Այս մշակոյթը ծաղրող երգիծանկարը տեսնել էջ 11ի վրայ):
Նախագահը ինք եւս անուղղակիօրէն անդրադարձած է այս յոռի սովորութեան, եւ իր ելոյթին մէջ փորձած է ներկայացնել կուսակցութիւնը որպէս թէ արդէն իսկ այդ սովորութիւնը յաղթահարած կազմակերպութիւն:
«Հանրապետականը առաջնորդի կուսակցութիւն չէ: Հանրապետականը Սերժ Սարգսեանինը չէ, Սերժ Սարգսեանը պարզապէս հանրապետական է: Վստահաբար ասում եմ, որ սա երկրի զարգացման համար կարեւորագոյն ազդակ է: Իշխանութեան մէջ սեփական դերի ընկալման ազդակ է այսօրուայ եւ վաղուայ իշխանաւորի համար: Եւ եթէ սա ինչ-որ տեղ էլ այսօր դեռ չի ընկալւում, վաղն անհրաժեշտաբար արմատաւորուելու է»: Ասիկա մէջբերում մըն է նախագահ Սարգսեանի ելոյթէն:
Որքանո՞վ լուրջ ու անկեղծ է նախագահը իր ղեկավարած կուսակցութիւնը առաւել ժողովրդավարական, պատեհապաշտներէ ազատուած տեսնելու մտադրութեան մէջ: Նախագահին անկեղծութեան չափանիշը այս պարագային յայտնի կրնայ դառնալ միայն իր շրջապատի վերաբերմունքի փոփոխութենէն: Սակայն, թէ՛ Հանրապետական կուսակցութեան համագումարին մթնոլորտը, թէ՛ նոր ղեկավար մարմնի ընտրութեան ընթացքն ու արդիւնքները (գործադիր մարմինը մնաց նոյնը. անոր վրայ աւելցան կուսակցութեան նոր անդամակցած, իր գաղափարական հակումներով ոչ այնքան ազգային-պահպանողական վարչապետ Տիգրան Սարգսեանն ու գաղափարական նոյն ուղղութիւնը դաւանող երկու այլ նախարարներ), յոյս չեն ներշնչեր առ այն՝ որ «Հանրապետական» կուսակցականները կրնան թօթափել «շէֆ»ի անսխալականութեան քարոզիչները ըլլալու հիւանդութիւնը, եւ ազատ մտածումէ բխած խորհուրդներով փրկեն իրենց ղեկավարն ու մեր երկիրը անտեղի սխալներէ ու կորուստներէ, ինչպէս է, օրինակ, հայ-թրքական արձանագրութիւններու ամբողջ «փաթեթ»ի պարագան: