ՊԱՔՈՒ, «Փանորամա».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանել տուած է ՄԱԿի Գլխաւոր Համագումարին ներկայացուած «Ատրպէյճանի գրաւուած տարածքներուն վերաբերեալ» նախագիծը, որուն քննարկումը նախատեսուած էր Դեկտեմբեր 3ին։
Ըստ ատրպեճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութեան, վերջին պահուն չեղեալ համարուած փաստաթուղթը 2008ի գարնան ներկայացուած նախագիծն է, որուն դէմ քուէարկած էին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին մէջ ներկայացուած Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան:
«Ալիեւին այս քայլը կը վկայէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ անոր յայտարարութիւններուն անլրջութեան մասին: Պաքուի անհետեւողական դիւանագիտութիւնը ապշեցուցած է ոչ միայն միջազգային հանրութիւնը, այլեւ ատրպէյճանցիները», գրած է «Թուրան»ը: