ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայերը հասկնալի պատճառներով կը նեղանան երբ կը հանդիպին հաստատումներու, որոնք կը խեղաթիւրեն կամ կ՛ուրանան Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնները, եւ հանգիստ կը զգան երբ անոնք պատշաճ կերպով ճանաչումի կ՛արժանանան։ Մինչ անոնք անմիջապէս կը խարազանեն ուրացողները, հազուադէպօրէն ժամանակ կը յատկացնեն ճանաչում շնորհելու անոնց որոնք ճշմարտութիւնը կը խօսին։
Այս մտածումը ունեցայ երբ կը կարդայի Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ երկու ճշմարտութեամբ լեցուն եւ համարձակ յօդուածներ. առաջինը՝ Արդար հրեայի մը՝ Քոլորատոյի Տենվըր նահանգի «Ինթըրմաունթըն ճուիշ նիուզ»ի խմբագիրին կողմէ, իսկ երկրորդը՝ Արդար թուրքի մը՝ «Հիւրրիյէթ» Օրաթերթի մեկնաբան Պուրաք Պեքտիլի կողմէ։
«Ինթըրմաունթըն ճուիշ նիուզ»ի խմբագիրը չծամծմեց բառերը, սկսեալ վերնագիրէն. «Հայկական Ցեղասպանութեան մասին այդ ամբողջ ստաբանութիւնը ոչ մէկ բանի ծառայեց»։ Ապա ան յառաջ կ՛երթայ եւ ճակատէն յարձակում կը գործէ հրէական կազմակերպութիւններուն եւ Իսրայէլի ղեկավարներուն դէմ, որոնք անբարոյական խաղեր կը խաղան Հայկական Ցեղասպանութեան հետ՝ պարզապէս ողոքելու համար թրքական կառավարութիւնը։ Ստորեւ կարգ մը հատուածներ այդ հզօր խմբագրականէն.
«Մենք կրնանք գործածել «դիւանագիտութիւն», «քաղաքականութիւն», «տգիտութիւն», «առարկայականութիւն» կամ «անաչառութիւն» բառերը։ Իրականութեան մէջ, կայ միայն մէկ բառ՝ «սո՛ւտ»։ Երկար տարիներով կարգ մը հրէական ազգային կազմակերպութիւններ ստեցին Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին օսմանեան թուրքերուն կողմէ գործադրուած Հայկական Ցեղասպանութեան մասին։ Այդ կազմակերպութիւնները ըսին, թէ անիկա տեղի չէր ունեցած, կամ թէ՝ «պատմական վէճի» հարց մըն էր ան։
«Այն հիմամբ, որ Իսրայէլ պարտաւոր էր Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակել, այդ հրէական ազգային կազմակերպութիւնները, չյիշելու համար նոյնինքն Իսրայէլը, ընդունեցին Թուրքիոյ ուրացումը Հայկական Ցեղասպանութեան եւ կամ ըսին, թէ անիկա «վիճելի» էր։ Մեզի ըսուեցաւ, թէ Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ կարելի էր վաստկիլ՝ միա՛յն Հայկական Ցեղասպանութեան շուրջ Թուրքիոյ սուտերը ընդունելով։ Ատիկա՝ ամօթալի էր։
«Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ստելը պէտք չէ մաս կազմէ Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի կամ ամերիկեան հրէական դիւանագիտութեան դրամանիշին։ Իսրայէլ եւ այս հրէական ազգային կազմակերպութիւնները այժմ պէտք է անդրադառնան, թէ նոյնիսկ գործնապաշտօրէն, ստելը չօգնեց։ Իսկ բարոյապէ՞ս։ Երբ հարցը կը վերաբերի ցեղասպանութեան, դիւանագիտութիւնն ու քաղաքականութիւնը տեղ չունին հոն։ Կարելի չէ ուրանալ, անտեսել կամ յետսագոյն առաջնահերթութեանց կարգին դասել ցեղասպանութիւնը։ Իսրայէլ եւ հրէական ազգային կազմակերպութիւնները ուրացան այդ սկզբունքը եւ այս ուրացումը ներկայիս հետագայ կարգով կը կրծէ զիրենք։
«Ինչ կը վերաբերի ցեղասպանութեան, գալիք սերունդը շատ անազնիւ կ՛ըլլայ։ Այսօր, նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող ուսումնասիրողներուն թիւը կ՛աճի։ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող այլազան ընդդիմախօսութիւնները աւելի եւս արտառոց կը թուին։ Կրնա՞ք երեւակայել, որ ոեւէ մէկը լրջօրէն պնդէ, թէ 1943ի Վարշաւայի կեթոյին ըմբոստութիւնը ցոյց կու տայ թէ Ողջակիզումը պարզապէս «քաղաքացիական պատերազմ» մըն էր հրեաներուն եւ գերմանացիներուն միջեւ։ Ա՛յդքան ծիծաղելի է թուրքերուն կողմէ գործուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը «քաղաքացիական պատերազմ» անուանելը։ Գալիք սերունդը, կը կրկնենք, շատ անազնուօրէն կը վարուի ցեղասպանութիւն ուրացողներուն հետ։
«Երբ վատ մարդիկ կը սպաննեն ամբողջ բնակչութիւն մը, լաւ մարդիկը պէտք է հակազդեն, այնպէս ինչպէս այսօր պէտք է հակազդենք Տարֆուրի մէջ։ Երբ ժամանակը կ՛անցնի եւ մենք յետադարձ ակնարկով կը նայինք այն մարդոց, որոնք սպաննեցին ամբողջ բնակչութիւն մը, մենք երբեք պէտք չէ արտօնենք, որ այդ գերազանց չարիքը ուրացուի կամ մեղմացուի դիւանագիտութեան կամ քաղաքական հաշիւներու պատճառով։ Սխա՛լ է։ Եւ պիտի չյաջողի՛»։
Թուրք ազատական մեկնաբան Պուրաք Պեքտիլի յօդուածը պարզապէս նո՛յնքան հզօր է։ Քանի մը տարի առաջ ան քսան ամսուան առկախուած դատավճիռ ստացաւ՝ թրքական արդարադատական մարզը քննադատող յօդուած մը ստորագրած ըլլալուն համար։ Ներկայիս, անգամ մը եւս, Պեքտիլ բանտ նետուելու վտանգը կը դիմագրաւէ, տրուած ըլլալով, որ Թուրքիոյ պատժական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածին համաձայն ոճիր է Հայկական Ցեղասպանութեան մասին յիշատակում ընելը։
Իր մեկնաբանական յօդուածին մէջ Պրն.Պեքտիլ համարձակօրէն կ՛առաջարկէ, որ թրքական կառավարութիւնը ցանկագրում մը կատարէ իր անցեալին ոճիրներուն, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) առաջնորդութեամբ օրինագիծ մը որդեգրել տայ խորհրդարանին մէջ, եւ ներողագիր մը հրապարակէ զոհերուն հանդէպ: Ան Թուրքիոյ անցեալի ոճիրներուն շարքին մէջ որոշակիօրէն կը նշէ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը»:
Ստորեւ՝ հատուած մը Պեքտիլի յանդուգն յօդուածէն.
«Նախ եւ առաջ եկէ՛ք ցանկագրենք անցեալ դարուն Թուրքիոյ կողմէ գործուած ջարդերը։ Կայ Տերսիմը, անշուշտ։ Բայց սկսելու համար ես նաեւ կ՛առաջարկեմ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, Անկախութեան պատերազմի ընթացքին յոյներուն դէմ գործուած պատերազմական ոճիրները, ջարդեր եւ ուրիշ վայրագութիւններ՝ հանրապետութեան առաջին տարիներուն գործուած՝ յոյներուն, հայերուն եւ հրեաներուն դէմ, քառասուն հազար քիւրտերու սպանութիւնը (ինչպէս անուանուեցաւ միակ թուրք նոպէլեան մրցանակակիրին կողմէ) ինչպէս նաեւ յաւելեալ քրտական ջարդեր 1984ի եւ 2002ի միջեւ։ Անշուշտ այս տառապալի դէպքերը կարելի է անվերջօրէն բազմացնել, եւ որեւէ ուրիշ գաղափարներ ողջունելի են անշուշտ: Ես կոչ կ՛ուղղեմ մեր ԱԲԿամէտ ազատականներուն, որ պատրաստեն քսաներորդ դարու թրքական ջարդերուն ամբողջական ցանկը ընդգրկող սկզբնական օրինագիծ մը՝ զարդարուած պաշտօնական ներողագիրով մը ուղղուած զոհերուն եւ անոնց ազգականներուն»։
Հայկական կազմակերպութիւնները պէտք է պատուեն այս երկու արդար մարդիկը՝ իրենց ղեկավարները դատապարտելու եւ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ անոնց սուտերը բացայայտելու համարձակութիւնը ունենալնուն համար:
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի խմբագիր