ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Դեկտեմբեր 3ի իր նիստին ընթացքին, Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է՝ օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով՝ ՀՀ Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ, պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանի ներկայացուցած «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի հանգուցալուծումը զինուած հակամարտութեան վերածելու Ատրպէյճանի պատասխանատուութեան մասին» ՀՀ ԱԺ յայտարարութեան նախագիծին։
Փաստաթուղթի նախագիծին մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճանը, շարունակաբար աղաւաղելով իրականութիւնը, նենգափոխելով եւ խեղաթիւրելով փաստերը, կը ձգտի միջազգային հանրութեան համար կեղծ պատկեր ձեւաւորել՝ հակամարտութեան ծագման եւ ծաւալման վերաբերեալ: Յայտարարութեամբ խնդիր կը դրուի միջազգային ատեաններուն մէջ վերականգնել կատարուածին իրական պատկերը՝ մատնանշելով Ատրպէյճանի պատասխանատուութիւնը հակամարտութեան սրման համար, հակազդել անոր կողմէ իրականացուող քաղաքականութեան՝ այդ գործին մէջ ներգրաւելով խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը: