Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Խրատ կամ խորհուրդ տալը շատ անգամ մեզ կը դնէ անբաղձալի իրականութեան մը առջեւ։ Այնպէս խորհուրդ տուէք, որ ձեր երեխան ընդունի այդ տրուածը եւ սրբագրէ ինքզինք՝ առանց գանգատելու, դժկամելու եւ ըմբոստանալու։
Առաջին հերթին պէտք է ընդունիլ թէ երեխաները սովորաբար կը մերժեն չափահասներուն տուած խորհուրդները։ Անոնք իրենց էութիւնը, ինքնութիւնը եւ ինքնուրոյնութիւնը փաստելու համար, կ՛ուզեն վերջ տալ չափահասներու ներկայութեան։ Այս իսկ պատճառով երբեք պիտի չընդունին որեւէ խրատ կամ խորհուրդ, որուն աղբիւրը կասկածելի է իրենց համար։ Անշուշտ որպէս ծնողք այս մէկը ընդունիլը շատ դժուար է եւ երբեմն մերժումի մէջ կը կորսուին ծնողներ։ Կարելի եղած չափով նուազ միջամտութիւններ պէտք է կատարել, որպէս ծնողք, սակայն քաջ պէտք է գիտակցիլ թէ իւրաքանչիւր քայլափոխի զաւակ մը կարիքը ունի իր ծնողներուն ցուցմունքներուն։ Օրինակ ձեր երեխան կարիքը ունի ցուցմունք լսելու իր ծնողքէն իր ժամանակը ճիշդ կարենալ կազմակերպելու համար, կամ ընկերական առողջ մթնոլորտ գտնելու համար կամ ընկերները ընտրելու պարագային։
Առաջին։ Լռեցուցէք ձեր ներքին քննադատական ձայնը։ Նոյնիսկ եթէ երեխային մօտ նկատէք աշխատանքի ձեռնարկելու դժկամութիւն, այդ երեւոյթը ամէնէն առաջ մի դրսեւորէք, պարզապէս գնահատեցէք իր ճիշդ կեցուածքը, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը ամբողջական ներքին մղում չունի։ Ամէն անգամ որ կը զգաք թէ պիտի քննադատէք ձեր դեռահասին գործած մէկ սխալին համար, դուք ձեզ զսպեցէք եւ անոր փոխարէն յիշեցէք թէ ամէնէն ազդու միջոցը խօսքը հասցնելու, կարճ, յստակ եւ դրական նախադասութիւններ յայտարարելն է։ Դեռահասները երբեք չեն լսեր երկար խրատներու շարքեր, ոչ ալ կ՛անսան իրենց անձերուն ուղղուած քննադատութիւններուն, այլ պարզապէս ինքնապաշտպանութեան կը դիմեն նման պարագաներու։ Իրենց գործած կամ որդեգրած կեցուածքը կը փորձեն արդարացնել։ Հետեւաբար խուսափելու համար իրենց բացասական դիրքէն միշտ ջանացէք ըլլալ յստակ, կարճ եւ ոչ-բացասական, այլ դրական։ Առիթը օգտագործեցէք մանաւանդ դրական արարքներու պարագային, լաւ գնահատեցէք կատարուածը եւ մանաւանդ արարքը գնահատեցէք ու ոչ իրենց անձը։ Այսպէս կը խթանէք իրենց մէջ բարի արարք կատարելու ցանկութիւնը։ Օրինակ՝ խուսափեցէք ըսելէն, «Քրոջդ հետ շատ վատ կը վարուիս եւ քու խօսքերովդ միշտ կը վիրաւորես զինք»։ Անոր փոխարէն կարելի է ըսել. «Եթէ կը կարծես թէ բան մը ունիս ըսելիք քրոջդ, որ կրնայ օգնել իրեն որոշ սրբագրութիւններու համար, այդ մէկը նախընտրելի է ըսել այն ձեւով, որ զինք չվիրաւորէ»։
Շահեկան է ու շինիչ նման նախադասութիւններով հանդէս գալ, քան միւս վարկաբեկիչ եւ քանդիչ արայայտութիւններով։ Բնական է որպէս մարդ միշտ ալ այդպէս չենք կրնար վարուիլ, բայց անհրաժեշտ է ջանք թափել այդ ձեւին համար։ Յետագային դուք շատ աւելի լաւ պիտի զգաք դուք ձեզ եւ օգտակար՝ ձեր զաւակին։
Տօնական Օրերու Զարդարանքը
Տուներէն Ներս