ՌԱՈՒԱԼՓԻՆՏԻ, Փաքիստան, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4ին, Փաքիստանի բանակի կեդրոնատեղիին մօտ գտնուող մզկիթի մը վրայ պայթուցիկ նիւթեր կրող քանի մը անհատներու մասնակցութեամբ անձնասպանական գործողութիւն մը առ նուազն 36 զոհ պատճառեց։ Կը կարծուի, որ առ նուազն չորս անձեր մասնակցած են յարձակումին։ Վիրաւորուած են աւելի քան 70 հոգի:
Յարձակումը Ռաուալփինտիի մէջ վերջին երկու ամիսներու ընթացքին երրորդն էր: