ԹԻՖԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Քաղաքագէտ Ռամազ Սաքվարելիծէ վրացական «Քվիրիս Պակիտրային» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կը յայտնէ, որ բազմաթիւ փորձագէտներ կը կարծեն, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը ունի արեւմտեան եւ ամերիկեան ծագում, սակայն միեւնոյն ժամանակ անհասկնալի է, թէ ինչու Արեւմուտքը անտեսած է Ատրպէյճանը։
Ան կ՛ըսէ, թէ «Հայաստանը պիտի վերադարձնեն Արեւմուտքի դաշտ, իսկ այդ պատճառով Ատրպէյճան կը մնայ Ռուսիոյ ազդեցութեան դաշտին մէջ։
Սաքվարելիծէի համաձայն, Կովկասը միշտ ալ պառակտուած պիտի մնայ։
«Ատրպէյճան արդէն իսկ մեզի բազմաթիւ անգամ հասկցուցած է, որ ան կրնայ դէպի հիւսիս շարժիլ եւ այդ ուղղութեամբ արդէն քանի մը քայլ կատարած է»։
Պաքուի կողմէն հնչող ռազմատենչ յայտարարութիւններու կապակցութեամբ, վրացի փորձագէտը նշած է, որ այս շրջանին մէջ ռազմական հակամարտութեան ժամանակ կը յաղթէ ան, որուն կ՛աջակցի Ռուսաստանը։
Ըստ քաղաքագէտին, իրադարձութիւններու այդպիսի զարգացումը շատ ձեռնտու է Ռուսաստանի, «որովհետեւ ատիկա պիտի ըլլայ «Նապուքօ»ի նման ծրագիրներու ձախողութեան պատճառը»:
«Եթէ Կովկասը դադրի անցումային գիծ ըլլալէ, ապա Եւրոպայի ուժանիւթի միակ մատակարարը կը դառնայ Ռուսաստանը», եզրափակած է փորձագէտը։