ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան իր կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակի նիստի ընթացքին կրկին պաշտպանեց Ժողովրդավարական բացուածք կոչուած կառավարութեան նոր քաղաքականութիւնը, անկէ դժգոհ ընդդիմութիւնը «վախկոտ» որակելով:
Վարչապետը ըսաւ, որ վերջիններս մտահոգ են ազատութիւններու ընդարձակումէն, որովհետեւ անոնք վտանգ կը տեսնեն ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան մէջ:
Վարչապետը նաեւ քննադատեց ծրագիրը քննադատող յօդուածագիրները, պնդելով, որ անոնք «դուրսէն ստացուած հրահանգով կէս ժամուան մէջ յօդուած կը գրեն»։
Վարչապետը ընդդիմադիրներուն ըրածը «կեղծ հայրենասիրութիւն» նկատեց եւ ըսաւ, որ իսկական հայրենասէրը լուծում ու միջոց կ՛առաջարկէ, մինչդեռ ասոնք «լօզունգներու ժողովրդավարութիւն» կը վարեն։ «Հայրենասիրութիւնը իր պաշտօնի բազկաթոռին վրայ նստելով նետել-բռնել չէ», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ վարչապետի աջ ձերքն արեան մեջ է?