ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Վերջերս, Լիբանանէն շրջանը կը գտնուէր ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան գանձապահ Միհրան Շիմշիրեան: Ան իր կեցութեան ընթացքին մօտէն հետեւեցաւ շրջանի ՀՄԸՄի եւ ընդհանրապէս հայկական գաղութի աշխատանքներուն:
Պէտք է ընդգծել, թէ Շիմշիրեան մեծ վաստակ ունի ՀՄԸՄի յատկապէս սկաուտական կեանքէն ներս: Ան երկար տարիներ եղած է ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ հինգ տարիներ՝ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի անդամ եւ արժանացած է անոնց բարձրագոյն շքանշանին: Ան պարգեւատրուած է նաեւ Լիբանանի Սպորի նախարարութեան բարձրագոյն շքանշանով:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան հետ ունեցած քանի մը հանդիպումներէն անկախ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10ի առաւօտեան, Միհրան Շիմշիրեան, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան փոխատենապետ Գօգօ Պալեանի եւ Շրջանային վարչութեան անդամ Փիէռ Մանուկեանի ընկերակցութեամբ այցելեց ՀՄԸՄի Թքույա բանակավայրը եւ մօտէն ծանօթացաւ անոր մանրամասնութիւններուն եւ հիացմունքով շնորհաւորեց զայն:
Նոյն օրը երեկոյեան, ան այցելեց Փասատինայի նոր Հայ Կեդրոնը եւ օգտաշատ հանդիպում մը ունեցաւ տեղւոյն «Ազատամարտ» մասնաճիւղի վարչութեան հետ:
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12ի երեկոյեան, Միհրան Շիմշիրեան, դարձեալ ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան փոխատենապետ Գօգօ Պալեանի ներկայ գտնուեցաւ ՀՕՄի 100ամեակի խորհրդանիշի բացայայտման նուիրուած գեղեցիկ ձեռնարկին, իսկ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18ի երեկոյեան, հանդիպում մը ունենալով անոր հետ տեղեկութիւններ քաղեցինք աշխարհատարած ՀՄԸՄի ընդհանուր աշխատանքներու մասին:
Անդրադառնալով 91ամեայ ՀՄԸՄի առաքելութեան եւ սփիւռքեան աշխատանքներուն, Շիմշիրեան ընդգծեց, ըսելով. «1918ին, երբ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը հիմնուեցաւ Պոլսոյ մէջ, նպատակ ունէր շարունակելու նահատակ Շաւարշ Քրիստեանի ծրագիրները, որ կը միտէին դաստիարակել հայ երիտասարդութիւնը որպէս քաղաքացիներ, եւ լաւ հայեր, որոնք Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած, տեղահան եղած եւ կորսնցուցած էին իրենց իրաւունքները: Տարիներ ետք, ՀՄԸՄի այդ օրուան Կեդրոնական վարչութիւնը ստիպուած եղաւ դուրս ելել իր կեդրոն՝ Պոլիսէն: Այնուհետեւ ՀՄԸՄը սկսաւ տարածուիլ Սփիւռքի մէջ, նախ՝ Միջին Արեւելք, Ամերիկա եւ Եւրոպա, անկէ ետք շարունակուեցաւ տարածուիլ մինչեւ Աւստրալիաները եւ այլուր:
«ՀՄԸՄը իր 75րդ տարեդարձը նշելէ ետք, Համա-ՀՄԸՄական առաջին իր բանակումը կատարեց Հայաստանի մէջ: Այս տարի, տարօրինակ դիպուածով, իր 90րդ տարեդարձը տօնելէ ետք, ՀՄԸՄը Համա-ՀՄԸՄական իր 8րդ Մարզախաղերը նաեւ կատարեց Հայաստանի մէջ: Ինչ որ կը նշանակէ, թէ 90 տարուան սերունդը, դեռ իր հայրենիքին համար աշխատելու եւ ծառայելու տրամադրութեան մէջ է»:
Իսկ խօսելով սփիւռ-հայրենիք գործակցութեան մասին, Շիմշիրեան նկատողութեան յանձնեց ըսելով. «Անշուշտ այս բոլորէն ետք շատ մը փոփոխութիւններ կատարուած են: Հայաստան անկախացած է եւ տարբեր հանգրուաններ կ՛ապրի: Այսօր մեր ժողովուրդը վերիվայրումներու մէջ է եւ յատկապէս հայ-թուրք յարաբերութիւններու այս փրոթոքոլի հարցով ՀՄԸՄը վիճակի մը մէջ է, ուր կը մտածէ, թէ ինչո՞ւ եղան այս բոլորը: Իր գոյութիւնը ինչո՞ւ համար Սփիւռքի մէջ է եւ ոչ Հայաստանի: Ինչո՞ւ հայութիւնը հայրենիքէն դուրս, այլ երկիրներու մէջ կ՛ապրի: ՀՄԸՄականին պարագաները ո՞ւր թաղուած են, ո՞ւր են, ովքե՞ր են: Այս բոլորը ՀՄԸՄականի դաստիարակութեան մէջ նշանակութիւն ունին: ՀՄԸՄականը Հայրենիքի մէջ ապրելու տենջ ունի»:
Միհրան Շիմշիրեան ինքնավստահութեամբ ընդգծելով ըսաւ. «ՀՄԸՄականը ամուր կը մնայ իր գաղափարաբանութեան մէջ եւ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը Սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ եւ կը հաւատայ, թէ հայրենիքը մէկ է: Սփիւռք-Հայրենիք գործակցութիւնը իրար օգնելու համար է միայն եւ ոչ թէ իրարմէ տարբեր հատուածներու միացում է»:
Իսկ խօսելով Հայաստանի մէջ գործող ՀՄԸՄի թեւի պատկանելիութեան եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան հետ գործակցութեան մասին, Շիմշիրեան բացատրեց, թէ «Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄը մարզական թեւ չունի: Ան Սկաուտական միութիւն է, որ Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութիւն (ՀԱՍԿ) անունին տակ միջազգային ճանաչում ունի եւ լիիրաւ անդամ է Միջազգային սկաուտական բիւրոյին: Սա կը նշանակէ, թէ ան ամբողջական իրաւունքները ունի ուղղակի կապուելու Միջազգային բիւրոյի հետ, սկաուտական մասնագիտական հարցերու գծով: Այսուհանդերձ, Հայաստանի ՀՄԸՄի վարչութիւնը, ինքը մնայուն եւ կանոնագրային հասկացողութեամբ կապուած է ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան:
«Հայաստանի ՀՄԸՄը գործելով Միջազգային սկաուտական բիւրոյի հետ, կը ստանայ անոր նորութիւնները եւ կ՛իւրացնէ զանոնք: Ես կը կարծեմ, որ անոնք մօտ ապագային սեփականութիւնը պիտի դառնան մնացեալ մեր մասնաճիւղերու սկաուտներուն»:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ կապերու մասին խօսելով, Շիմշիրեան ըսաւ. «Հայաստանի ՀՄԸՄի հետ մեր կապերը մեր գալիք բանակումներն են: Ձեռնարկուած է արդէն իրականացնել գալիք Համա-ՀՄԸՄական բանակումը: Կ՛արժէ ըսել, որ Հայաստանի մէջ ունինք մեր սեփական բանակավայրը, ուր չորս տարին անգամ մը իրագործուող Համա-ՀՄԸՄական բանակումներուն մասնակցութեան թիւը հասած է մինչեւ 750ի: Համա-ՀՄԸՄական յաջորդ բանակումի աշխատանքները սկսած է ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ կը յուսանք, որ մինչեւ Մարտի վերջը, արդէն մասնաճիւղերը իրենց համար սահմանուած մասնակցութեան թիւը կը փոխանցեն:
Կեդրոնանալով ՀՄԸՄի ազգային դաստիարակութեան վրայ, եղբայրը յստակօրէն բացատրեց եւ ըսաւ. «Պէտք է հանրութիւնը գիտնայ, թէ Միջազգային սկաուտութիւնը կը տարբերի ՀՄԸՄի կիրարկած դաստիարակութենէն: ՀՄԸՄը այն միութիւնն է, որուն մեծ մեծամասնութիւնը Սփիւռքի մէջ է, ուրեմն իր նպատակն է, իր անդամներուն հայեցի դաստիարակութիւն տալ: Հայեցի դաստիարակութիւնը մենք կը փորձենք տալ, մարզանքի ճամբով եւ մարզական խումբերու միջոցաւ, ինչպէս նաեւ սկաուտական աշխատանքներու ընդմէջէն: Հետեւաբար, այստեղէն մեկնած, մեր ծրագիրներուն մէջ, ազգային դաստիարակութիւնը բաւական մեծ տեղ ունի, եթէ քիչ մը սկաուտական մասնագիտական աշխատանքներէն որոշ չափով հեռու ենք, որովհետեւ առաւել ոյժ կու տանք ազգային դաստիարակութեան:
Հոն, մեր տղաքը կը սորվին մեր մշակոյթը, մեր կրօնքը, ազգային պայքարը, մեր պահանջատիրութիւնը, եւ այս բոլորը կ՛ընենք յատկապէս Սփիւռքի մէջ, որովհետեւ այնտեղ սկսած է նաեւ որոշ չափով նուազիլ հայկական դպրոցներու թիւը, տնտեսական դժուարին այս պայմաններուն մէջ, մեր հայ ծնողները դժուար կացութեան մատնուած են: Հետեւաբար, ՀՄԸՄին վրայ հիմա շատ աւելի ճնշում կայ ազգային դաստիարակութեան իմաստով, որ սկաուտութեան ճամբով կ՛ուզենք իրականացնել:
«Նման երեւոյթ Հայաստանի մէջ գոյութիւն չունի: Հայաստանի մէջ, մենք հայեցի դաստիարակութիւն տալու պարտաւորութեան տակ չենք, որովհետեւ Հայաստանի մէջ այդ բոլորը կայ: Մինչ Սփիւռքի մէջ, բոլորն ալ հեռու են այս մթնոլորտէն եւ պարտաւոր են սորվիլ, որպէսզի իրենց պատկանելիութիւնը ազգին հանդէպ լաւագոյն ձեւով գիտնան ու կատարեն:
Շիմշիրեանի տուեալներով, 90 տարիներ ետք, ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու թիւը հասած է 102ի, որոնք բնական է նոյն աշխուժութեամբ չեն գործեր: Սակայն Կեդրոնական վարչութիւնը կապ ունի բոլոր մասնաճիւղերուն հետ եւ կարելի եղածին չափ կը գործէ անոնց հետ:
«Ուրախալի է, որ ներկայ արուեստագիտութիւնը (technology) բոլորս իրարու միացուցած է եւ email-ը (Ե:Նամակ) այնքան մօտիկցուցած է մեզ, որ մենք օրը օրին տեղեակ կ՛ըլլանք ամէն բանէ: Կամ տեղեակ կը պահենք մեր մասնաճիւղերը մեր աշխատանքներէն»:
Միհրան Շիմշիրեան ուրախութեամբ անդրադարձաւ անցնող ամրան, Հայաստանի մէջ իրագործուած Համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերուն, որ անոր բառերով. «Մեծ յաջողութիւն մըն էին ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ: Հոն աշխատանքը կատարուեցաւ առաւելագոյն բծախնդրութեամբ. չըսելու համար մասնագիտական ձեւով: Եւ նաեւ այս բոլորը եղան ժամը ժամուն ամէնայն լրջութեամբ: Հայաստանի մէջ ատիկա այնքան անդրադարձ ունեցաւ, որ հոն թերթերէն մէկը չվարանեցաւ բաղդատական մը դնելու Համա-ՀՄԸՄական եւ Համա-հայկական խաղերուն միջեւ: Այդ յօդուածը մարզիկին մէջ տեղ գտած է: Հետաքրքրուողները կրնան կարդալ զայն: Այս Հայաստանցիներու վկայութիւնն է եւ ոչ թէ մեր կողմէ տրուած վկայութիւն մըն է»:
Շիմշիրեանի նկարագրութեամբ Համա-ՀՄԸՄական 8րդ այս մարզախաղերուն մասնակցած 500 ՀՄԸՄական մարզիկ-մարզիկուհիները եւ պատասխանատուները տարբեր ներշնչումով վերադարձած են իրենց երկիրները եւ յաւելեալ ոգեւորուած կը շարունակեն ՀՄԸՄական իրենց աշխատանքը:
Եզրակացնելով, Միհրան Շիմշիրեան յոյս յայտնեց, որ յաջորդ Համա-ՀՄԸՄական աշխատանքները առաւել ոգեւորութեամբ իրագործուին հայրենիքի մէջ եւ շարունակեն ազգային ոգին արմատաւորել մեր մատղաշ սերունդներուն մէջ: