ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վախճանած է հայ ձայնային (vocal) արուեստի մեծատաղանդ գործիչ, ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ, պրոֆ. Սերգէյ Դանիէլեան, որու մահուան կապակցութեամբ՝ ՀՀ վարչապետին որոշումով ստեղծուած է պետական յանձնաժողով: Ս. Դանիէլեանի կեանքի ուղին յագեցած էր կատարողական ու մանկավարժական գործունէութեան նշանակալի ձեռքբերումներով, որոնք ձգած են ծանրակշիռ հետք՝ հայրենական մշակոյթի զարգացման ճանապարհին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.