ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, Դեկտեմբեր 6ին, Անթիլիասի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն Դեկտեմբեր 7, 1988ին, Հայաստանի հիւսիսային շրջանին մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժի զոհերու հոգւոյ խաղաղութեան համար:
Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին, Մայր տաճարին մէջ հաւաքուած հաւատացեալներու բազմութիւնը աղօթակից դարձաւ միաբան հայրերուն, իր աղօթքը բարձրացնելով առ Աստուած, բնական աղէտին զոհ գացած բազմահարիւր հայորդիներու հոգւոցն: Անոնք միասնաբար աղօթեցին նաեւ, որ Աստուած հեռու պահէ մեր երկիրը ու ժողովուրդը, նման բնական աղէտներէ ու վտանգներէ: