Ըստ «armtoday.info»ի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ֆիլիփ Կորտըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ աշխոյժ կերպով կը հետեւին ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին եւ կը մասնակցին ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի աշխատանքներուն։
«Այդ հարցը կարեւոր է ոչ թէ այն պատճառով, որ մենք կարգաւորման գործընթացը կը դիտարկենք իբրեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղի, այլ այն պատճառով, որ ատիկա մեծ ներդրում պիտի ըլլայ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործին մէջ։ Ատկէ կը շահին ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ատրպէյճանը», նշած է ան։ Անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն Կորտըն յայտնած է, որ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ, որ երկու երկիրներու խորհրդարանները վաւերացնեն զանոնք։ Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացները յաջող աւարտ կ՛ունենան: