ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիր կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Սան Ֆրանսիսքոյի պետական վարժարաններու, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ հայկական միակ հայկական վարժարանին՝ Գռուզեան- Զաքարեան-Վասպուրական ազգային վարժարանի ուսուցիչներուն համար աշխատաժողով մը տեղի ունեցած է վերջերս, ԳԶՎի սրահին մէջ:
Ձեռնարկին նպատակն էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը դասաւանդելու՝ Քալիֆորնիոյ նահանագային օրէնքին գործադրութիւնը դիւրացնել:
Կազմակերպութեան կրթական բաժնի պատասխանատու Սարա Քոհըն ուսուցիչներուն ներկայացուց Հայկական Ցեղասպանութեան ու Հայ Դատին դասաւանդման ընթացքին գործածուելիք զանազան ծրագիրներ, պատմական փաստաթուղթեր, տեսաներիզներ եւ համացանցին ընձեռնած կարելիութիւնները: Ուսուցիչները եւս առիթը ունեցան ներկայացնելու իրենց փորձառութիւնները: Ներկաները ստացան նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման համար գործածուելիք նիւթեր:
Հայկական եւ ոչ-հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու ներկայութիւնը աւելի հետաքրքրական դարձուցած է Ցեղասպանութիւնը դասաւանդելու շուրջ ներկայացումն ու քննարկումը:
«Շատ արդիւնաւէտ ու իւրայատուկ երկխօսութիւն մը տեղի ունեցաւ աշխարաժողովին ընթացքին, դարձեալ լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ այս կարեւոր նիւթին դասաւանդումը որքան կենսական է», կը յայտնէ կազմակերպութեան գործադիր վարիչ Ռաֆֆի Մոմճեան:
Սան Ֆրանսիսքօ հաստատուած Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիր (The Genocide Education Project) կազմակերպութեան մասին Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (415) 264-4203 թիւին կամ info@GenocideEducation.org հասցէին: Կազմակերպութեան համացանցային հասցէն է www.GenocideEducation.org: