ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աստուածաշունչի առաջին գիրքին առաջին գլուխի առաջին քանի մը տողերուն մէջ արդէն կը կարդանք, որ Աստուծոյ ստեղծագործական առաջին գործերէն մէկը եղաւ լոյսին ու խաւարին տարանջատումը, երբ Աստուած օրը երկու մասերու բաժնեց: Աստուծոյ ներշնչումով գրող հեղինակը կ՛ըսէ, թէ Աստուած լոյսը Ցերեկ կոչեց, իսկ խաւարը՝ գիշեր (Հմմտ Ծն 1.5):
Վստահաբար այլ կերպ ալ կրնար ստեղծուիլ աշխարհը, երբ Աստուծոյ ամենակարող ուժին մասին մտածենք, ըսելով որ Ան կրնար միայն ցերեկը ստեղծել, թերեւս երկու արեւներ զետեղելով երկնակամարին վրայ, երկրի բոլոր կողմերը միշտ լուսաւոր պահելու համար: Ի վերջոյ արեւի նման հրագունդ մը ստեղծողը, կրնար նաեւ անոր պէս բազմաթիւ արեւներ ստեղծել: Սակայն յատուկ նպատակով Աստուած օրը երկուքի կը բաժնէ, եւ նոյնիսկ գիշերուան համար ալ լուսաւոր մը կը յատկացնէ՝ լու-սինը, աւելի տկար լոյսով: Առանց լուսնին ու աստղերու աղօտ լոյսին, խաւարը չափազանց թանձրամած պիտի ըլլար ու սոսկալի: Ճիշդ լուսնին օրինակով այսօր ննջարաններու մէջ աղօտ լոյս մը կը պահուի յաճախ, գիշերուան թանձր խաւարը ճեղքելու նպատակով:
Արարչագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ, վստահաբար Արարիչին անսահմանելի մտքին մէջ կար նաեւ իր արարածներուն համար տրամադրելի հանգիստի պահ մը: Ատոր օրինակը Արարիչը Ի՛նք իսկ ցոյց տուաւ, ստեղծագործութեան եօթներորդ օրը «հանգիստ ընելով»: Ուստի, հանգիստը աստուածային հրահանգ մըն է արարածներուն, կարենալ շարունակելու իւրաքանչիւրին համար սահմանուած կեանքը:
Հին կրօններու պարագային եւս, այլ հաւատալիքներու շարքին էր Քունի չաստուածը՝ Մորփէոսը, որուն դերակատարութիւնը մարդոց կեանքին մէջ, իր անուան համապատասխան բացատրութիւն ունի: Համաձայն հին յունական դիցաբանութեան, անիկա ունէր թեւեր, որոնցմով կը թռչէր ու զանազան մարդոց մօտ կը հասնէր անոնց քունին մէջ, օգնելու անոնց, իրենց երազներուն մէջ: «Մորփէոսի գրկին մէջ հանգչիլ» բացատրութիւնը ինքնին, արտայայտիչ է այն հանգիստին, որ գիշերուան հանդարտութիւնը կը պարգեւէ մարդուն: Իր առօրեայ կեանքին մէջ այնքան բազմազբաղ մարդը, անպայման կարիք պիտի զգայ հանգիստի, իսկ գիշերուան հանգիստը փոխարինող աւելի յարմար ժամ կարելի չէ՛ գտնել, քան՝ գիշերը ինքնին:
Բազմաստուածեան կրօններու ուսումնասիրութեամբ դարձեալ, ի յայտ կը բերուին բազմաթիւ առասպելներ, որոնք առնչուած են գիշերուան խաւարին՝ մութին: Անոնց շարքին են նաեւ շարք մը նախապաշարումներ, որոնք անցեալին սոսկում պատճառած են նոյնիսկ ազնուական դասակարգի մարդոց: Նման առասպելներն ու նախապաշարումները պատճառ դարձած են որ մարդիկ վախնան գիշերուան մութէն:
Այսպէս, կեանքէն հեռացած մարդոց հոգիներուն գիշեր ատեն իրենց գերեզմաններէն դուրս գալուն եւ կեանքի մէջ շրջելուն մասին եղած զրոյցը, մինչեւ օրս երբեմն պատանեկան տարիքի մէջ եղողներուն միտքը կը պղտորէ: Այնքան մը, որ նոյնիսկ անոնց կը թուի, թէ ոգիներու վայնասուն կը լսեն գիշերուան մութի խորքէն եկող:
Նման հարցերու մէջ ինքզինք բանգէտ նկատող անձ մը, խորհրդաւոր ձայնով կ՛ըսէր. Հոն ուր իր հոգին աւանդեց մարդ, այդ վայրին մէջ միշտ կը մնայ իր ոգին, որ այնուհետեւ աներեւութաբար կը հետեւի նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն, կը լսէ ամէն խօսակցութիւն, սակայն կը մնայ լուռ հանդիսատես մը լոկ: Այնքան ինքնավստահ կը խօսէր ան այս մասին, որ ենթադրել կու տար մեզի, թէ ինչքա՜ն ժամանակ տրամադրած պէտք էր ըլլար ան, նախապէս ինքզինք համոզելու նման կացութեան մասին: Վերջապէս, նախ ի՛նք պէտք է համոզուած ըլլայ նման երեւոյթի մը, որպէսզի կարենայ այդքան հանգամանօրէն ուրիշին պատմել այդ մասին:
Նախամարդուն կեանքը բարացուցիչ է, Աստուծոյ հաստատած հանգիստին հետեւելու օրինական կերպին: Երբ տակաւին լապտերի ու ելեքտրականութեան գիւտերը չէր կատարած մարդը, գիշերուան մութին հետ, պարտադրուած հանգիստին կ՛անցնէր: Մէկ կողմէ խաւարը ի՛նք արգելք կը դառնար իր գործունէութեան շարունակումին, իսկ միւս կողմէ՝ իր ուժասպառ մարմինը, որ ակամայ զինք կը մղէր հանգիստի: Մէկ խօսքով, արեւամուտը կ՛որոշէր մարդոց քունի ժամը:
Պատերազմական դրութեան, կամ տնտեսական դժուարութեան մէջ եղող երկիրներու այժմու կացութիւնը կրնայ յուշել, նախապատմական օրերուն ապրած մարդոց կենցաղը: Այն ընտանիքները որոնք հնարաւորութիւն չունին ելեքտրածին գործիքներ ունենալու, կը նախընտրեն կանուխէն անկողին երթալ, քան թէ մոմի աղօտ լոյսին տակ, մարմնի աստուածատուր լուսատուները՝ աչքերը փճացնել:
Մեր կեանքին մէջ բնականաբար անպատեհութիւններ կը ստեղծուին, երբ խայտաբղէտ առօրեայի մը առաջարկած բազմապիսի աշխատանքները, իրենց համապատասխան աշխատանքային ժամերը կը պահանջեն մեզմէ: Շատեր գիշերուան ժամերը կ՛օգտագործեն, իրենց աշխատանքին մէկ մասը աւարտելու, եւ յաջորդ օրուան «գործ հասցնել»ու համար: Ոմանք նոյնիսկ «գիշերը կը լուսցնեն», հազիւ կարենալով աւարտել իրենց տրուած պարտականութիւնները: Սակայն, շարունակական ընթացք չի՛ կրնար ունենալ այդ կացութիւնը: Մարդկային մարմինը ի՛նք կը դադրի աշխատելէ, երբ ուղեղը իր քունի ժամը կը պահանջէ, եւ մարդը ստիպողաբար հանգիստի կ՛երթայ:
Անքնութենէն տառապողներու համար բժշկական գիտութիւնը քնաբեր յատուկ դեղահատեր հնարած է, որոնք կը թմրեցնեն մարմինը, ու պարտադրաբար քունի կ՛առաջնորդեն մարդը: Հնարուած են նաեւ մարմինը կազդուրելու կենսանիւթեր պարունակող դեղահատեր: Սակայն, անոնցմէ ո՛չ մէկը կրնայ գիշերուան հանգիստ քունին դերակատարութիւնը ունենալ մարդու կեանքին մէջ:
Գիշերապահ մը, որ ամբողջ գիշերը իր պարտականութիւնը կատարելէ ետք ցերեկը կը քնանայ, իր անձնական փորձառութիւնը պատմելով կ՛ըսէր, թէ տարիներէ ի վեր գիշերուան քունի կարօտէն կը տառապէր: Արարիչ Աստուած, որուն համար հիները կ՛ըսէին՝ մեռնիմ Իր զօրութեան, այնպիսի ներդաշնակ կեանք պարգեւած է մարդուն, որ ժամացուցային ճշգրտութեամբ երբ գործածուի, կ՛ըլլայ առողջ ու արդիւնաւէտ:
Կեանքը կը վերջանայ, սակայն գործը վերջ պիտի չունենայ: Աշխատէ՛ այնքան, ինչքան կարողութիւնդ եւ առողջութիւնդ կը ներեն: Երկուքին ալ չարաչար օգտագործումը վնասակար է անձիդ: Մարմինիդ հանգիստը մի՛ զլանար անոր: Առողջութիւնդ քեզ օգտակար տարր պիտի դարձնէ ընկերութեան կեանքին մէջ, այլապէս բեռ մը պիտի ըլլաս շրջապատիդ: Իսկ առողջութիւնը կը սկսի բաւարար քունի ժամ տրա-մադրելով մարմինին, որուն ոսկորներուն մէջ, ըստ բժշկագիտութեան, գիշեր ատեն կը սկսին կազմուիլ արեան կենսական կարմիր գնդիկները: Քունի փոխարէն դեղ մի՛ փնտռեր տաքուկ անկողինէդ դուրս: