ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջերս հանրային կարծիքը մօտէն շահագրգռող հարց դարձաւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն դէմ ահաբեկչական գործողութիւններու առնչուող փաստաթուղթը, որ գտնուեցաւ ձերբակալեալ հազարապետ Լէվէնտ Պէքթաշի քովէն: Այս գործողութիւնը հեղինակներուն կողմէ կոչուած էր «Վանդակի գործողութիւն»։
Անոր կապակցութեամբ, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10ին դատախազութեան կողմէ հարցաքննութեան ենթարկուեցաւ հազարապետ Պէքթաշ։ Ան Սիլիվրիի բանտէն Պէշիկթաշ բերուեցաւ ու հարցաքննուեցաւ «Էրկէնէքոն»ի դատախազներէն Մուրատ Եէօնտէրի կողմէ։ Հարցաքննութիւնը տեւեց երկու ժամ, որմէ ետք ամբաստանեալը բանտ տարուեցաւ: Հարցաքննութեան բովանդակութեան մասին տուեալներ չկան:
Արդէն իսկ «Էրկէնէքոն»ի հարցով հարցաքննութիւնները երեւան հանուած էր, որ ծովուժին մէջ խմբակ մը ծրագրած էր այս արարքները։ Զանազան բաժիններէ բաղկացած ծրագրին համաձայն, սարսափի ահաւոր մթնոլորտ մը պիտի ստեղծուէր ոչ իսլամներու շրջանակներէն ներս ու այդ սպառնալիքներուն ու արարքներուն պատասխանատուութիւնը պիտի բեռցուէր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վրայ: