ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Պէշիր Աթալայ պատասխանած է ընդդիմադիր կուսակցութեան կողմէ կառավարութեան հասցէին կատարուած քննադատութիւններուն, որոնք կ՛առնչուէին քրտական հարցին մօտենալու նոր քաղաքականութեան: Ընդդիմութեան ղեկավաները նաեւ կառավարութիւնը դաւաճան որակած էին: Աթալայ ըսած է. «Երկրին զանազան մասերուն մէջ մայրեր ու կողակիցներ արցունք կը թափեն, մարդիկ կը տառապին։ Վերջ տանք այս բոլորին, այս երկրին մէջ ամէն մարդ եղբայրաբար թող ապրի, ասոր համար է որ աշխատանք կը տանինք։ Եթէ մեր հարցերը մենք մեր միջեւ կարգադրենք, այս երկիրը մեր բոլորին ալ կը բաւէ։ Եթէ այսպիսի նպատակի համար աշխատիլը դաւաճանութիւն է, այլեւս ասոր գնահատումը մեր ժողովուրդին կը ձգեմ։ Քաղաքական շահեր հետապնդելու նպատակով այսպիսի ծրագրի մը դէմ ելլելը դաւաճանութիւն է»։