ՄՈՍԿՈՒԱ.- ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանդեան՝ իբրեւ Ընկերվար միջազգայնական ԱՊՀի, Կովկասի եւ Սեւծովեան շրջանի յանձնախումբի համանախագահ, Դեկտեմբեր 9-10 Մոսկուայի մէջ շարք մը հանդիպումներ ունեցած է Ռուսիոյ պետական եւ քաղաքական շրջանակներուն հետ։ Անոր կ՛ընկերակցէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան եւ ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեան։
Հանդիպում տեղի ունեցած է Արդար Ռուսիա կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ. քննարկումի նիւթ դարձած են հայ-ռուսական յարաբերութիւնները, միջկուսակցական համագործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները։ Մարիօ Նալպանտեան անդրադարձած է միջազգային յարաբերութիւններու հրատապ հարցերուն։
Հայկական կողմը կարեւոր նկատած է Ընկերվար միջազգայնականին մէջ Արդար Ռուսիոյ դիտորդի կարգավիճակ ստանալը, որովհետեւ այդպիսով ան կը նպաստէ ընկերվարական գաղափարներու ամրապնդման։
Իրենց կարգին, ռուս խորհրդարանականները մտահոգութիւն յայտնած են Ռուսիոյ մօտակայ շրջանին մէջ տիրող լարուածութենէն՝ աւելցնելով, որ մտահոգութեամբ լսած են Ատրպէյճանի նախագահին վերջին յայտարարութիւնը՝ ղարաբաղեան տագնապը ռազմական միջոցներով լուծելու մասին՝ ատիկա անթոյլատրելի նկատելով։
10 դեկտեմբերին տեղի ունեցած է Դաշնակցութեան պատուիրակութեան հանդիպումը Ռուսիոյ երիտասարդ ընկերվարականներու միութեան, Արդարութեան լիկա, Երիտասարդական շարժում, Ռուսիոյ ուսանողական միութիւն եւ երիտասարդական այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։ Մ. Նալպանտեան ներկայացուցած է Ընկերվար միջազգայնականին պատմականը, ներկայ վիճակը, կառուցուածքին եւ գործունէութեան սկզբունքները, նաեւ անդրադարձած է Դաշնակցութեան գործունէութեան եւ միջազգային համագործակցութեան։