ՊՈԼԻՍ, ՏԻԱՐՊԷՔԻՐ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14ին, յաջորդական երրորդ օրը ըլլալով Պոլսոյ եւ քրտաբնակ շրջաններու մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան, դատապարտելու համար քրտամէտ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութիւնը փակելու որոշումին դէմ, մինչ կուսակցութեան անդամները Երկուշաբթի օր ժողով մը սկսան, որոշելու համար, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ իրենց յաջորդ քայլը:
Կուսակցութեան անդամները արդէն իսկ որոշած են բողոքի դիմում կատարել Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու ատեանին, սակայն ցարդ յստակ չէ, թէ կուսակցութեան անդամ 19 երեսփոխաններ պիտի գործադրե՞ն խորհրդարանէն հրաժարելու իրենց սպառնալիքը: Անոնք առայժմ որոշած են սառեցնել իրենց անդամակցութիւնը:
Սահմանադրական ատեանին որոշումով, կուսակցապետ Ահմէտ Թիւրքի եւ նախկին համանախագահ Այսէլ Թուղլուքի, որոնք այս կուսակցութեան ամէնէն չափաւոր ու զուսպ գործիչները կը նկատուին, կորսնցուցած են իրենց երեսփոխանական աթոռները: Անոնք նաեւ պարտադրուած կերպով հինգ տարի հեռու պիտի մնան քաղաքական կեանքէն:
Կիրակի օր, Թիւրք դատապարտեց կուսակցութիւնը փակելու որոշումը, զայն «քաղաքական որոշում» որակելով եւ աւելցնելով, թէ նման որոշումներ վնաս կը հասցնեն քրտական տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու ջանքերուն: «Մենք խաղաղութիւն ուզեցինք, մեզ ահաբեկիչ որակեցին, բայց նոյն ատեանը դատ չբացաւ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան դէմ, որ պաշտպան կը կանգնի «Էրկէնէքոն»ին», ըսաւ Ահմէտ Թիւրք։
Կը պնդուի, որ քրտամէտ կուսակցութեան անդամները իրենց կուսակցութեան փակուած ըլլալը իբր առիթ պիտի գործածեն, որպէսզի քրտական աւելի լայն կազմակերպութիւն մը, կամ նոր կուսակցութիւն մը հիմնեն, մինչ Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու ատեանը կը քննէ իրենց դիմումը:
Երկուշաբթի օր, Թիւրք Տիարպէքիրի ժողովէն առաջ, մօտաւորապէս 10,000 քիւրտերու առջեւ ելոյթ ունենալով խոստացաւ «ազատութեան համար պայքարը շարունակել»:
Յայտնենք, թէ Կիրակի օր Պոլսոյ Պէյօղլուի ու Տոլափտէրէի մէջ ցոյցերէն ետք խռովութիւններ ծագեցան, որոնց ընթացքին քիւրտ ցուցարարներ յարձակեցան խանութներու ու կառքերու վրայ:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կոչ ըրաւ Թուրքիոյ, որ քրտամէտ կուսակցութեան փակելու որոշումէն ետք իսկ շարունակէ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերուն յաւելեալ իրաւունքներու պարգեւման համար իր ջանքերը։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը թրքական դատարանին որոշումէն քանի մը ժամ ետք գրաւոր յայտարարութեամբ չափաւոր քննադատութեան ենթարկեց դատարանի որոշումը, զայն «Թուրքիոյ ներքին հարցը» համարելով, աւելցնելով, թէ «Թուրքիոյ ժողովրդավարական համակարգը պէտք է շարունակէ իր բոլոր քաղաքացիներուն համար քաղաքական ազատութիւններ շնորհել։ Այս ազատութիւնները սահմանափակող կամ զսպող քայլերը պէտք է ծայրայեղ զգուշութեամբ կիրակել»: