ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահական պալատի միջազգային յարաբերութեանց բաժանմունքի պատասխանատու Նովրուզ Մամատով Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16ին քննադատեց Լեռնային Ղարաբաղի օժանդակութիւն տրամադրելու Քոնկրեսի որոշումը, աւելցնելով, թէ Ուաշինկթըն պէտք է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն բացատրութիւններ տայ այս աննախընթաց որոշումին համար: Ան աւելցուց, թէ որոշումը ցոյց կու տայ, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները անկողմնակալ կամ չէզոք չեն, երբ հարցը կը վերաբերի Ատրպէյճան-Հայաստան հակամարտութեան:
«Անշուշտ գիտենք, որ որոշումը տրուած է Քոնկրեսին կողմէ եւ ոչ թէ՝ կառավարութեան, սակայն վերջ ի վերջոյ Քոնկրեսը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան օրէնսդիր մարմինն է եւ անոր որոշումներուն պատասխանատու է պետութիւնը», ըսաւ ան, արդարացի գտնելով որոշումը դատապարտելու Ատրպէյճանի խորհրդարանի ու այլ մարմիններու եւ կազմակերպութեանց կեցուածքը:
Նկատել տալով թէ Ատրպէյճան եւ Միացեալ Նահանգներ «ռազմավարական գործակիցներ» կը համարուին, յատկապէս ուժանիւթի մարզին մէջ, Մամատով հարց տուաւ, թէ «Ո՞ւր է Ատրպէյճանին տրամադրուելիք սէրը, ուշադրութիւնը եւ օժանդակութիւնը: Ատրպէյճանի մէկ միլիոն գաղթականները օժանդակութեան արժանի չե՞ն»:
Յայտնենք, թէ Ատրպէյճանի խորհրդարանը (Միլլի մեճլիսը) ուղերձով մը դիմած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին, բողոքելով Լեռնային Ղարաբաղի օժանդակութիւն յատկացնելու օրինագիծին դէմ։
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունն ու Ծերակոյտը անցեալ շաբաթ համաձայնութիւն գոյացուցած էին 2010ի արտաքին օժանդակութեանց ամավարկը սահմանող օրինագիծին շուրջը, որուն մէջ կը նախատեսուի Հայաստանի տրամադրել 41 միլիոն տոլար, իսկ Լեռնային Ղարաբաղին՝ 8 միլիոն տոլար։ Օրինագիծը նաեւ կը պահպանէ Հայաստանին ու Ատրպէյճանի յատկացուելիք ռազմական օժանդակութեանց հաւասարակշռութիւնը։