ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլ վեց ամիս սառեցնէ բնակեցման ապօրինի վայրերու մէջ շինարարական աշխատանքները, ապա կարելի պիտի ըլլայ Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը գոյացնել: Ապպաս նշեց, որ վերջերս երկու առիթներով հեռաձայնով զրուցած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաքի հետ եւ անոր առաջարկած է վեց ամսուան համար ամբողջական սառեցման ենթարկել իսրայէլեան բնակեցման վայրերու մէջ բոլոր շինարարական աշխատանքները: Ան նշեց, որ երկու կողմերուն միջեւ ապահովական եւ տնտեսական ծիրի մէջ համակարգումի հանդիպումները կը շարունակուին, սակայն ներկայիս իր եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջեւ կապեր չկան։
Ապպաս նաեւ բացայայտեց, որ Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Օլմերթի հետ համաձայնած էր իսրայէլեան ուժերու հեռացումէն ետք, Կազայի եւ Արեւմտեան Ափի մէջ միջազգային ուժեր տեղակայելու։