ԿԱԼԿԱԹԱ.- Դեկտեմբերի 15ին, Կալկաթայի հայ գաղութը տօնած է Կոմիտասի 140ամեակը, որ տեղի ունեցած է Հայոց մարդասիրական ճեմարանի վերանորոգված դահլիճին մէջ: Կոմիտասի 140ամեակին նուիրուած յոբելինական գրական-երաժշտական ծրագիրը պատրաստուած է Մարդասիրական ճեմարանի ուսուցչուհիներ՝ Նախշուն Դուրգարեանի եւ Անժելա Մանուկեանի կողմէ: Կոմիտասի գործերու կատարումով հանդէս եկած են ճեմարանի սաները:
Խորէն վրդ. Հովհաննէսեան, խօսելով Կոմիտասի մասին, ընդգծած է կարեւորութիւնը անոր անգնահատելի աւանդին հայ հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան մեջ. «Կոմիտաս լսելով՝ անհաւատը բարեպաշտ կը դառնայ: Ան, որ սէր չունի իր հոգիին մէջ, Կոմիտաս լսելով կը սիրահարուի եւ «Սոնա եար» կ՛երգէ: Կոմիտաս լսելով տարագիր հայը կռունկի թեւերով տունդարձի ճամբան կը բռնէ: Կոմիտաս լսելով մշակն ալ իր քրտինքը կը խառնէ հողին, որպէսզի ցորենը ամբարին մէջ լեցուի», պատկերաւոր կերպով եզրակացուցած է ան:
Հանդիսութեան աւարտին, Խորէն վրդ. Հովհաննէսեան, դեսպան Ա. Յակոբեանը բեմ հրաւիրած է ներկաներուն իր խօսքը փոխանցելու համար: